2016-09-17 11:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Յիսուսեան միաբանութեան նախկին սաներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2016-ին՝ առաւօտեան, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Յիսուսեան միաբանութեան նախկին սաներուն, որոնք Հռոմի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպական  համադաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպումին՝ գաղթականներու իրավիճակի մասին։  

Անոնց ուղղած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց,  թէ աշխարհի մէջ կան աւելի քան 65 միլիոն անձեր. որոնք լքած են իրենց բնակավայրերը։ Իւրաքանչիւր անձ ունի իր անունը, դիմագիծը, պատմութիւնը ինչպէս նաեւ ապրելու իրաւունքը խաղաղութեան մէջ։  Ապա ակնարկելով գաղթականներուն ծառայութեան ի սպաս  Jesuit Refugee Service համաշխարհային ընկերակցութեան, որուն հիմնադիրն է Հայր Փետրօ Առուփէ, որ 35 տարիներ առաջ օգնութեան հասած է հարաւային Վիեթնամցիներուն, որոնք փախուստ տուած էին իրենց երկրէն, նշեց թէ այսօր եւս դժբախտաբար աշխարհը կը  գտնուի անթիւ բախումներուն ներքեւ։ Սուրիոյ պատերազմը, հարաւային Սուտանի կացութիւնը ինչպէս նաեւ այլ երկիներու դժուարին իրավիճակը։ Այս կապակցութեամբ  Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Յիսուսեան միաբանութեան նախկին աշակերտները, որ իրենց ստացած դաստաիրակութեան միջոցաւ դառնան Յիսուսի ընկերներ, եւ Սուրբ Իգնատտիոս Լոյոլայի աջակցութեամբ աշխարհի մէջ ըլլան այր մարդիկ ու կիներ ՝՝ուրիշներուն համար ինչպէս նաեւ ուրիշներուն հետ՝՝ ։ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ աշխարհը կ՝ապրի պատմութեան դիւրաբեկ ժամանակամիջոցի մէջ  եւ յոյժ կարիքը կայ անձերու, որոնք կ՝ունկնդրեն  աղքատներուն ճիչը եւ վեհանձնութեամբ եւ կարեկցութեամբ կը համապատասխանեն անոնք կարիքներուն։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց Ողորմութեան Սուրբ Տարուան, ըսելով թէ միլիոնաւոր հաւատացեալներ ուխտագնացութիւն կատարեցին ըլլայ Հռոմ քաղաք ըլլալ իրենց տեղական եկեղեցիներու մէջ ու խնդրեց Յիսուսեան միաբանութեան նախկին սաներէն, որ իրենց օգնութեամբ եկեղեցին կարողանայ ամբողջութեամբ սատարել գաղթականներու մարդկային աղէտին, ողորմութեան արարքներով։ Ուստի Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց զանոնք որ իրենց հասարակութիւններուն մէջ հիւրընկալեն գաղթականները, ընդգծելով թէ հիւրընկալութիւնը Սուրբ Աւետարանի արժէք մըն է։  

Ճառի աւարտին  Ֆրանչիսկսո Պապ յորդորեց Յիսուսեան միաբանութեան  նախկին սաները , մտաբերել  Սուրբ  Ընտանիքը՝ Սուրբ Կոյս Մարիմամը, Սուրբ Յովսէփը եւ Յիսուս մանուկը, մինչ անոնք որպէս գայթականներ Եգիպտոս կը ճամբորդէին փախուստ տալով բռնութիւններէն ։

Ապա յիշել տալով Յիսուս խօսքերը ՝՝Որովհետեւ անօթեցայ եւ դուք կերակրեցիք զիս, ծարաւ  էի  եւ դուք խմցուցիք ինծի, պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս՝՝ (Մատթ 25,36)  խրախուսեց զանոնք , որ յիշեալ Յիսուսի խօսքերը  միշտ իրենց հետ տանին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.