2016-09-17 09:16:00

Միջին արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին վերաբերեալ եւրոպական խորհրդակցութիւններ Լիբանանի մէջ


ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ շրջանի, յատկապէս Միջին Արեւելքի տագնապահար երկիրներու գաղթականներուն յատուկ համագումարի նախօրեակին Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւն մը անջատ այցելութիւններու ձեռնարկեց լիբանանեան տարբեր կողմերուն:

Պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերանար Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, նախ եւ առաջ այցելեց Ռապիէ, ուր զօր. Միշել Աունի հետ խորհրդակցեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին շուրջ, յատկապէս` քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց եւ համակեցութեան դիտանկիւնէն:

Այս առիթով պատուիրակութեան նախագահ, շուէտական Ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Լարսըն Ատաքթոսըն յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է մօտէն տեղեկանալ շրջանի քրիստոնեաներու, յատկապէս գաղթականներու կացութեան: Նշելով, որ ինք իբրեւ շուէտացի լրագրող նախապէս այցելած է շրջանի երկիրները, յատկապէս` Լիբանան, Սուրիա եւ Իրաք, սերտ ճիգեր կը թափէ իր ընկերակիցներուն հետ Եւրոպական Միութեան մէջ այս թղթածրարին քննարկման համար: Արեւելքի գաղթական քրիստոնեաներու օժանդակութեան առնչութեամբ եւրոպացի դիւանագէտը ընդգծեց, որ լրջօրէն կը մտածուի անոնց նպաստելու եւ շրջանի իրաւազրկուած քրիստոնեաներուն հարցը հասցնելու ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի սեղանին եւ ջանալ մղելու ՄԱԿ-ը` դատապարտելու անոնց եւ առհասարակ բոլոր ժողովուրդներուն դէմ գործադրուող ջարդերը:

Միւս կողմէ, զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց նաեւ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, ներկայութեամբ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութեանց պատասխանատու Միշել Տը Շատարեւեանի:

Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց շրջանային եւ լիբանանեան ընդհանուր իրավիճակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.