2016-09-16 16:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը Իտալիոյ երբեմնի նախագահ Չամփիի մահուան ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 16 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ` Իտալիոյ երբեմնի նախագահ Տիար Քարլօ Ազելիօ Չամփիի մահուան ի լուր, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց  անոր տիկնոջ Տիկ Ֆրանքա Փիլլա Չամփիին, որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց ննջեցեալի պարագաներուն, յիշելով անոր պատասխանատուութեան վեհանձն հոգին ու նուիրումը։

''Յիշելով այս վեհանձն անձնաւորութեան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետ ունեցած անկեղծ բարեկամութիւնը աղօթքս կը բարձրացնեմ անոր հոգւոյն յաւիտենական հանգստեան համար'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրին մէջ որուն աւարտին ուղարկեց իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.