2016-09-16 12:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը՝՝Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար մենք ալ յարութիւն պիտի չառնէինք՝՝


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 16 սեպտեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կեդրոնացաւ օրուան՝  Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղուած նամակին  վրայ,  ուր՝ առաքեալը կը խօսի Յիսուսի Յարութեան մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապ   հաստատեց,  թէ քրիստոնեային տրամաբանութիւնը ՝՝միւս օրուայ տրամաբանութիւնն է՝՝ որ կանգ չ՛առներ ներկային մէջ  այլ յոյսով կը նաինք մարմնի յարութեան։

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ,  որ բոլորիս համար դիւրին է ըմբռնել անցեալի տրամաբանութիւնը,  որ շօշափելի եւ հաստատ է,  ինչպէս նաեւ դիւրին է  հասկնալ ներկայի տրամաբանութիւնը,  որովհետեւ անոր ականատես ենք։ Մինչ ՝ երբ ապագային կը նայինք վախ ու սարսափ կը զգանք եւ մենք մեզի կ՝ըսենք աւելի լաւ է չի  մտածել. Այսուհետեւ դիւրին չէ ամբողջութեամբ  մտածել միւս օրուայ տրամաբանութեան ըսաւ

Սրբազան Հայրը  նշելով թէ այսօրուան սուրբ Գրային ընթերցումը կը խօսի ապագայի տրամաբանութեան մասին որուն մէջ Սուրբ Պօղոս  կը հռչակէ Յիսուսի Յարութիւնը։  

՝՝Յիսուսի  յարութիւնը   յստակ է՝՝։ Ան Յարութիւն չ՝առաւ ուրուականի նման,  որովհետեւ  ուրուականը մարմին եւ ոսկոր չունի։ Յիսուս ըսաւ՝՝ դպչէք ինծի, անօթի եմ՝՝։

Ապագայի  տրամաբանութիւնը կը ներառէ նաեւ  մարմինը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  զգուշացնելով հոգեւոր գթասրտութենէն  ու խրախուսելով մտնել Քրիստոսի մարմնի տրամաբանութեան մէջ ՝՝Մենք բոլորս Յարութիւն պիտի առնենք այնպէս ինչպէս Քրիստոս Յարութիւն առաւ` մարմնով՝՝։  

Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը նշեց,  թէ հասունութեան նշան է լաւ հասկնալ անցեալի տրամաբանութիւնը,   լաւ նշան է շարժիլ ներկայի ,  անցեալի եւ այսօրուան տրամաբանութեան մէջ ։ Սակայն ՝նաեւ հասունութեան նշան է  խոհեմ ըլլալը՝ տեսնելու  համար միւս օրուան տրամաբանութիւնը՝ ապագան։

Լաւ հասկնալու համար ապագայի տրամաբանութիւնը,  երբ Տէրը պիտի գայ ու մեզ ամէնքս իր հետ պիտի տանի, կարիքը կայ Սուրբ Հոգիի շնորհքին հաստատեց ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց հայցել Սուրբ Հոգւոյն հաւատքի այդ շնորհքը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.