2016-09-16 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապ նորօծ Եպիսկոպոսներուն ''Ողորմութիւնը թող ըլլայ ձեր առաքելութեան սիրտը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 16 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10.30-ի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ճափոնի Պուտտայականներու 257-րդ Պատրիարք` Նորին Օծութիւն Ոքէյ Մորիքաուան, որմէ ետք ընդունեց նորօծ եպիսկոպոս գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան` Երուսաղէմի Լատիններու պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձու։

Ժամը 11.15-ին Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց եպիսկոպոսներու կազմաւորումի դասընթացքի հետեւող եպիսկոպոսներուն, որոնց շարքին էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ երկու եպիսկոպոսներ, Արհ Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան, Պէյրութի Թեմին Հայ կաթողիկէ Պատրիարքական փոխանորդ եւ Արհ գերապայծառ Սարգիս Դաւիթեան` Թեհրանի հայ կաթողիկէներու առաջնորդը։

Այս առթիւ անոնց արտասանած իր երկարաշունչ ճարին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը նախ ողջոյնի խօսք ուղղեց Կարդինալ Ուլլէին եւ Կարդինալ Սանտրիին, անոնց տածած աշխատանքին համար ու անոնց յանձնառումին` լաւապէս կազմակերպելու Եպիսկոպոսներուն վերապահուած կազմաւորումի դասընթացքը, աղա խօսքը ուղղելով եպիսկոպոսներուն ըսաւ. ''ուրախ եմ ձեզ այստեղ ընդունելու ձեր հետ կիսելու համար գաղափարներ որոնք կը բխին Պետրոսի յաջորդի սրտէն, երբ իմ առջեւս կը տեսնեմ անոնք որոնք` Աստուած սիրտը որսաց, առաջնորդելու համար իր սուրբ ժողովուրդը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա  հինգ կէտերու մէջ ամփոփեց իր ճարը. Նախապէս սիրուած ըլլալու հրճուանքը, հիանալի ներողամտութիւնը, մտնել Յիսուսի սրտի դռնէն որ է ողորմութեան իսկական դուռը, պարտականութիւնը ողորմութիւնը դարձնելու հովուական խնամակալութիւն եւ այս առընչութեամբ երեք թելադրանքներ. դառնալ եպիսկոպոսներ կարող հմայելու ու ներգրաւելու, ըլլալ եպիսկոպոսներ որոնք կարող են սկզբնաւորել անոնք որոնք իրեն յանձնուած են եւ ապա ըլլալ եպիսկոպոսներ որոնք գիտեն ընկերանալ եւ առաջնորդել։

''Այո, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Աստուած ձեզ որսաց իր ողորմութեան սքանչելի կարթով, որուն դիմաց չկարողացաք դիմանալ։ Լաւ գիտեմ ինչ ըսել է այդ յուզմունքը որ կը պատէ ձեզ` յիշելով այն կոչը որ ձեզի հասաւ Եկեղեցւոյ` Յիսուսի հարսին միջոցաւ''։ Յուզմունք մը որ պատեց նաեւ Մովսէսը, պատեց նաեւ Նաթանը, պատեց սամարացի կինը...ու պատեց առաքեալները։

''Մանուկներու նման դուք ձեզ ամբողջութեամբ յանձնեցէք Անոր որ մանուկներուն կը յայտնէ իր Թագաւորութիւնը''։  յարեց Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնելով եպիսկոպոսները աշխարհը պատող սնապարծութենէն ապա հրաւիրեց յառաջիկայ կիրակի օր` երբ սուրբ դռնէն պիտի անձնին, ապրելու անձնական երախտագիտութեան ու հաշտութեան յատուկ փորձառութիւն մը, ամբողջութեամբ յանձնուելով հովիւներուն Հովիւին։

''Ձեզմէ կը խնդրեմ որ ձեր մէջ չի ժանգոտի միակ այն գանձը որ է գիտակցութիւնը թէ դուք լքուած չէք'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց­, ''դուք Եպիսկոպոսներ էք եկեղեցւոյ, ու մասնակից միակ եպիսկոպոսութեան, անդամ միակ ու անբաժան դասի...ու երբ Սուրբ Դռնէն պիտի անձնիք զայն ըրէք ձեր ուսերուն վրայ շալկելով ձեր հօտը ու ձեր սրտերուն մէջ կռելով ձեր եկեղեցւոյ սրտերը։

Հայցեցէք Աստուծմէ որ է հարուստ ողորմութեամբ, գաղտնիքը իր ողորմութիւնը հովուական դարձնելու ձեր թեմերուն մէջ։ Ողորմութիւնը պէտք է կազմէ ու կազմաւորէ մեր եկեղեցական ու թեմական հովուական կառոյցները, հաստատեց ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները չի վախնալ '' Ողորմութիւնը ներկայացնելու որպէս ամփոփում այն բաներուն զոր Աստուծոյ կը նուիրէ աշխարհին'' հուսկ առաջարկեց երեք թելադրանքներ ողորմութիւնը դարձնելու հովուական խնամակալութիւն։

''Եղէք հմայող ու ներգրաւող Եպիսկոպոսներ'', նուիրելով գեղեցիկը­, ճշմարտութիւնը, սէրն ու բարին - ըսաւ Սրբազան Պապը զգուշացնելով եպիսկոպոսները իրենք զիրենք չընտրել` այլ Աստուած ընտրել որպէս  կեդրոն։

Սրբազան Քահանայապետը ապա թելադրեց ըլլալ եպիսկոպոսներ որոնք գիտեն սկզբնաւորել անոնք որոնք իրենց յանձնուած են նկատի առնելով թէ '' Ողորմութեան դիմագիծը Քրիստոսն է'' ու թէ անոր մէջ ոչ մէկը կորսուած է։

''Ամէն մին եզակի է` եզակի ոչխարը որուն համար Ինք իր կեանքը կը վտանգէ'' ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց  այս հեռանկարով դիտել հաւատացեալները, սէր տածելով անոնց, եկեղեցիներուն մէջ, մտահոգուելով դաստիարակչական, արժէքներ փոխանցելու եւ կոչումներու հարցերով ինչպէս նաեւ ընտանիքներով որոնք անդորրութիւն կը փնտռեն։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց եպիսկոպոսները յատուկ ուշադրութիւն ընծայելու նորընծայարաններուն ու ձգտելու անոնց որակաւոր կազմաւորումին։

Ի վերջոյ Սրբազան Պապը ընդգծեց առաջնորդող եպիսկոպոսներ ըլլալու հարկաւորութիւնը. Առաջնորդել նախ եւ առաջ կղերը, քահանայութեան թեկնածուները, ընտանիքները ու համայն հաւատացեալները։

Նախ քան ճարը աւարտելը Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ներկաները միասնաբար աղօթելու ապա անոնց տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը. Աստուծմէ հայցելով որ ընկերանայ անոնց ճանապարհին։   








All the contents on this site are copyrighted ©.