2016-09-16 11:02:00

Քահանայապետական ներկայացուցիչները նշեցին իրենց ողորմութեան Սուրբ Տարին


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2016-ին, Քահանայապետական ներկայացուցիչները նշեցին իրենց ողորմութեան Սուրբ Տարին, անցնելով Սուրբ Պետրոսի տաճարի Սուրբ դուռէն։

108 պապական նուիրակները մասնակցեցան Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագի զոհին զոր մատուցեց Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Այս առթիւ իր  արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը ընդգծեց խաչին կարեւորութիւնը՝  ըսելով ՝՝ Խաչին տակ գտնուիլը առաջին պաշտօնն է`  նեցուկ կանգնելու համար բոլոր տառապողներուն, որոնք կը տառապին մինչեւ մարտիրոսութիւն, այն հսկայական բլուրի  խաչերուն տակ, որ է մեր ժամանակակից աշխարհը։

՝՝Մենք՝՝ ըսաւ ապա ծիրանաւորը, կանչուած ենք  վերահաստատելու մեր ընտրանքը մնալու խաչին տակ, առանց անկէ փախչելու, ապա ընդգծեց թէ  մարդու վիշտը բացատրութիւններու կարիք չունի այլ՝ բաժնեկցութեան, տառապանքը  չի փնտռեր պատճառները այլ մասնակցութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.