2016-09-15 12:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը. Իտալական Աստուածաշունչի ընկերակցութեան հետ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 15 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մոսկուայի Պատրիարքութեան եկեղեցական արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակի նախագահ Մետրոպոլիտ Հիլարիոն Տի Վոլոքոլամսքը, որմէ ետք ընդունեց Արժանթինի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Էմիլ Փոլ Թշերրիկը, հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան` Շէյխ Մոհամմատ Պին Զայետ Պին Սուլթան Ալ Նահեանին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան։

Ժամը 10.45-ին Սրբազան Քահանայապետը ընդուեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու գրասենեակի գերագոյն յանձնակատար` Տիար Ֆիլիփփօ Կրանտի որմէ ետք ընդունեց Պոլիվիայի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան` Տիար Խուլիօ Սեզար Քապալլերօ Մորենոն։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց Կղերի Ժողովի երբեմնի կառավարիչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Հիւմմէսին ու անոր ընկերացող Պրազիլի Նաթալ թեմին եպիսկոպոս` գերապայծառ Թայմ Վիեյրա Ռոքային, ապա Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Իտալական Աստուածաշունչի ընկերակցութեան 150 անդամները, որոնք Հռոմի մէջ կը մասնակցին ազգային Աստուածաշունչի 44-րդ շաբաթուան (12-16 սեպտեմբեր) որուն այս տարուայ բնաբանն է ''արու եւ էգ ստեղծենք մարդ էակը''։

Այս առթիւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը, իր խնդակցութիւնը յայտնելով անոնց հանդիպելուն համար, ակնարկեց հաւաքի բնաբանին հաստատելով թէ ''Աստուած ստեղծելէ ետք տիեզերքը ու բոլոր կենդանի էակները ստեղծեց ապա իր գլուխ գործոցը` մարդ էակը, իր նմանութեամբ` այր ու կին''։

Հիմնական է խորհրդածել թէ ինչպէս ստեղծուած ենք, նման մեր Արարիչին եւ տարբեր միւս արարածներէն, ըսաւ ապա Քահանայապետը, հաստատելով թէ այս մէկը մեզի կ՛օգնէ հասկնալու այն արժանապատուութիւնը որ մենք բոլորս` այրեր ու կիներ, ունինք, արժանապատուութիւն որ իր արմատը կը գտնէ նոյնինք Արարիչին մէջ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ` կարելութիւնը կայ որ այդ արժանապատուութիւնը ստորնանայ եւ այս կը պատահի երբ մենք վաճառքի կը դնենք արժանապատուութիւնը, երբ կը դիմենք կուռքերուն ու անոնց տեղ կու տանք մեր սրտերուն մէջ։

Ֆրանչիկսոս Պապ այս առընչութեամբ օրինակ բերաւ հրեայ ժողովուրդին` դէպի եգիպտոս ելքի ընթացքին, կուռքի մը կառուցումը` ոսկիէ կուռք մը, որ, ըսաւ ան, մեզի մտածել կու տայ որքանով հարստութիւններէն հրապուրուելով մարդս կը կորսնցնէ իր արժանապատուութիւնը երբ անոր սրտին մէջ Աստուծոյ տեղը կը գրաւեն հարստութիւնները։

Մինչ Աստուած մեզի տուաւ արժանապատուութիւնը ըլլալու անոր զաւակները ու այս իրականութենէն կը բխի հարցում մը. ի՞նչպէս կրնամ իմ այս արժանապատուութիւնս կիսել եւ այնպէս ընել որ զարգանայ, փոխադարձ դրականութեամբ։ Ի՞նչպէս կարելի է այնպէս ընել որ միւսը ինքզինք համարէ պատուած։ Ի՞նչպէս կարելի է վարակիչ դարձնել այդ արժանապատուութիւնը։ Երբ մէկը արհամարհէ, խտրականութիւն դնէ, բաժնէ, արժանապատուութիւն չի վարակեր, ընդհակառակը։ Հարմար է ուրեմն որ մենք հարց տանք թէ ի՞նչպէս կ՛ընդունինք մեր արժանապատուութիւնը եւ ինչպէս կը զարգացնենք զայն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ճարը եզրափակեց ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելով, անոնց մատուցած ծառայութեան եւ աշխատանքին համար­ ու անոնց ապահովեցնելով ի աղօթքները, աղա անոնցմէ խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.