2016-09-15 11:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Որբութեան տագնապի մէջ կայ Մայր մը որ մեզ կը պաշտպանէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Որբութեան մեծ տագնապի մը մէջ գտնուող աշխարհի մը համար կայ Մայր մը որ մեզ կը պաշտպանէ ու մեզի կ՛ընկերանայ'' ըսաւ Ֆրանչսիկոս Պապը Ցաւագին Տիրամօր ծիսական տօնին առթիւ, առաւօտեան սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

Մեկնաբանելով օրուան աւետարանը որ կը պատմէ գողգոթայի դիպուածը, ուր բոլոր աշակերտները վախցած ու հեռացած էին բացի Յովհաննէսէն ու մի քանի կիներէն, Խաչին ոտքին կանգնած էր Մարիամը` Յիսուսին Մայրը զոր ամէնքը կը նկատէին որպէս ''այդ ոճրագործին մայրը''։ Ու բացի այս խօսքերէն Ան կը լսէր նաեւ այն խօսքերը զոր ուղղուած էին իր զաւկին ու լռելեան կը տառապէր։ Ան չուրացաւ իր Զաւակը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ այս առընչութեան խօսեցաւ իր անձնական փորձառութեան մասին, երբ Արժանթինի մէջ կ՛այցելեր բանտարկեալները ու յաճախ բանտին դրան առջեւ կը հանդիպէր կիներու` որոնք կը սպասէին բանտ մտնելու համար։ Անոնք Մայրեր էին, ըսաւ Սրբազան Պապը, չէին ամչնար։ Իրենց մարմնէն մաս մը բանտին մէջ էր։ Անոնք անշուշտ կը տառապէին ու ենթարկուած էին խոնարհեցումներու, սակայն ըլլալով Մայրեր չէին ամչնար։

Յիսուս` խաչին վրայ խոստացաւ մեզ որբ չի թողուլ ու մեզի նուիրեց իր Մայրը որպէս մեր Մայրը։ Մենք Քրիստոնեաներս, ունինք Մայր մը, որ է Յիսուսի նոյնինքն Մայրը եւ ունինք Հայր մը որ նոյնինքն Յիսուսն է։ Մենք որբեր չենք։  Ան մեզի կը հոգայ ու մեզմէ չ՛ամչնար այլ մեզ կը պաշտպանէ։

''Հոգեկան տարուբերումներու ընթացքին Աստուածածնայ վերարկուին տակ ապաստան գտնելով մենք հեռու կը մնանք սատանայէն, որովհետեւ ան այդտեղ չի կրնար մուտք գործել, մեր Մայրը մեզ կը պաշտպանէ'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց. ''աշխարհի մը մէջ որ կը տառապի որբութեան տագնապէն,մենք կրնաք ապաւինիլ մեր Մօր որ մեզ կը պաշտպանէ, մեզի կ՛ընկերանայ ու չ՛ամչնար մեր մեղքերէն, որովհետեւ Մայր է''։

Թող որ Սուրբ Հոգին, մեր ճանապարհորդութեան ընկերը, մեր մխիթարիչ փաստաբանը, զոր Տէրը մեզի ուղարկեց, մեզի հասկցնէ Մարիամի մայրութեան այս մեծ խորհուրդի նշանակութիւնը -յարեց Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.