2016-09-15 13:13:00

Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ մեկնարկած է ՀՀ կառավարութեան նիստը


ՀՀ կառավարութեան նիստը Սեպտեմբեր 15-ին մեկնարկած է ՀՀ նորանշանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Կարապետեան ողջունած է նիստի բոլոր մասնակիցները, որմէ ետք նախարարները սկսած են ներկայացնել նիստի օրակարգին ընդգրկուած նախագիծերը:

Կարէն Կարապետեան ըսած է, որ այս օրերուն շատ կը խօսուի կաշառակերութեան դէմ պայքարին մասին, որ հանրութեան հետաքրքրող թեմա է եւ տեղեկացուցած է, որ կը ստեղծուին  համապատասխան յանձնաժողովներ, որպէսզի այդ աշխատանքները կարգաւորուին:

Այնուհետեւ, վարչապետը  յանձնարարականներ տուած է  Պետական եկամուտներու կոմիտէին, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու, Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարներուն եւ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին:

ՊԵԿ ղեկավար Յովիկ Յովսէփեանին՝ վարչապետը յանձնարարած է հարկային ստուգումներ իրականացնելու մանր եւ փոքր ձեռնարկութիւններուն անդրադառնալ ծայրայեղ պարագային. «Առաջին հերթին մեր գերատեսչութիւնները պէտք է կատարեն իրենց նախատեսուող պաշտօնները: Ելնելով դրանից՝ ապահովել ոչ կարգապահ եւ արտօնեալ համարուող խոշոր  արտադրողների եւ ներմուծողների կողմից  հարկադիր կարգապահութեան անվերապահ կատարումը: Երկրորդ, հարկային ստուգումները պէտք է կատարուեն բացառապէս ռիսկային համարուող սուբյեկտներում, փոքր եւ մանր ձեռնարկութիւններին անդրադառնալ ծայրայեղ դէպքերում, ապահովել մաքսային ծառայողների հնարաւոր սուբյեկտիւ վարքագծի բացառումը եւ գործողութեան թափանցիկութիւնը»:

Խօսքը ուղղելով Յովիկ Յովսէփեանին, Կարէն Կարապետեան ըսած է, որ իր յանձնարարականները  պէտք է կատարել առանց գործարարութիւնը խոչընդոտելու. «Որեւիցէ  ստուգում չպէտք է խանգարի նրանց ամենօրեայ գործունէութեանը»:

Վարչապետին երկրորդ յանձնարարականը ուղղուած էր ՀԾԿՅ-ին, Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարին եւ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարին, որպէսզի վերանայուի կազի եւ ելեկտրականութեան սակային քաղաքականութիւնը. «Առաջարկում  եմ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին, Ուժանիւթի եւ բնական պաշարների, Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերի նախարարներին  համատեղ քննարկել եւ առաջարկութիւններ ներկայացնել կազի  եւ ելեկտրաէներկիայի սակագնային քաղաքականութեան վերանայման մասին: Խօսքը ինչին է վերաբերում. մաքսիմում  նուազեցնել սոցիալապէս անապահով խաւերի սակագինը ի հաշիւ այլ սպառողների»:

Բացի այդ, վարչապետը յանձնարարած է ապահովել առանձին սակ գործարարութեան որոշ ճիւղերու` գիւղատնտեսութեան ու վերամշակող արտադրութեան համար, եւ այս ամէնը` ոչ ի հաշիւ պիւտճէի:

Յիշեցնենք, որ Կարէն Կարապետեան վարչապետ նշանակուած է Սեպտեմբեր 13-ին:

Քաղուած Եռագոյնէն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.