2016-09-15 12:21:00

Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներու Աստուածաբանական միջազգային խառն յանձնախումբի ընդհանուր նիստ


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ Քիեթի քաղաքին մէջ,  15-էն 22 սեպտեմբեր 2016-ին, տեղի կ՝ունենայ Կաթողիկէ  եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբին տարեկան ընդհանուր նիստը, նախագահութեամբ Քրիստոնեաներու Միութեան Զարգացման Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ կարդինալ Քուրտ Քոխի, ինչպէս նաեւ Կեթայի տիեզերական Պատրիարքութեան Թեմեսսոս թեմի Արքեպիսկոպոս՝ Թելմեսոս Իոպին։ Յիշեալ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան խառն  յանձնախումբի աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  երկու ներկայացուցիչներ իւրաքանչիւր 14 օրթոտոքս եկեղեցիներէն  ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցիէն։ 

2016 տարուան ընդհանուր նիստի  գլխաւոր նիւթն է,  2015-ին երկու եկեղեցիներու խառն յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած ՝՝Դէպի հասարակաց հասկացողութիւն սիւնհոդասականութեան եւ առաջնութեան, եկեղեցւոյ միութեան՝՝ կոչուած թղթածրարին նախագիծին քննարկումը,  որ տեղի ունեցած էր Ամմանի մէջ։

Մինչ՝ Քիեթիի մէջ գումարուած ընդհանուր նիստի ընթացքին,  յանձնախումբի անդամները հրաւիրուած են քննարկելու եթէ վերոյիշեալ թղթածրարին նախագիծը  համաչափ կերպով կը համապատասխանէ    ներկայիս եկեղեցւոյ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող՝  առաջնութեան  եւ սիւնհոդասականութեան հայող Աստուածաբանական եւ եկեղեցաբանական  նուրբ հարցին եւ կամ, թէ հարկ է շարունակել խորացնել զայն։  

Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան խառն յանձնախումբի ընդհանուր նիստի մասնակիցները   առիթ պիտի ունենան նաեւ միասնաբար աղօթելու տեղական քրիստոնեայ հասարակութեան հետ։ Այս ծիրէն  ներս Շաբաթ 17սեպտեմբերին,  քաղաքին Սան Ճուսթինօ տաճարին մէջ կը մասնակցին Սուրբ Պատարագի արարողութեան։ Նախատեսուած է նաեւ այցելութիւն մը Վասթօ Քաղաքին սուրբ Յովհաննէս վանքին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.