2016-09-15 10:40:00

Իտալիոյ Սուրբ Հաղորդութեան ազգային 26-րդ համագումարը։


(Ռատիօ Վատիկան) 15 -18 սեպտեմբերին` Իտալիոյ Ճենովա Քաղաքին մէջ կը նշուի Սուրբ Հաղորդութեան ազգային 26-րդ  համագումարը որուն այս տարուայ բնաբանն է ''Սուրբ Հաղորդութիւնը ակնաղբիւր առաքելութեան։ Քու Ողորմութեամբդ եկար բոլորին հանդիպելու''։

Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը` Ճենովայի Արքեպիսկոպոս եւ իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւք դասին նախագահ` կարդինալ Անճելօ Պանիասքոն`  նշանակած է որպէս իր յատուկ ներկայացուցիչը մասնակցելու եւ գլխաւորելու համար վերոնշեալ համագումարը, որ սկիզբ կ՛առնէ 15 սեպտեմբերի երեկոյեան, Կարդինալ Պանիասքոյի գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ ու վերջ կը գտնէ 18 սեպտեմբերի առաւօտեան, միշտ Կարդինալ Պանիասքոյի գլխաւորած սուրբ պատարագի արարողութեամբ։

Սուրբ Հաղորդութեան համագումարի ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ, խորհրդածութիւններ ու մտածականի պահեր ինչպէս նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք եւ հոգեւոր համերգներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.