2016-09-14 10:55:00

''Աստուծոյ անունով մարդասպանութիւնը սատանայական է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 14 սեպտեմբեր 2016-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, առաւօտեան ժամը եօթին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հոգեհանգստեան սուրբ եւ անմահ պատարագ մատոյց անցեալ 26 Յուլիսին Ֆրանսայի Ռուէն քաղաքին մէջ վայրագ օրէն սպաննուած` Հայր Ժաք Համելի յիշատակին։

Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուէն քաղաքէն ժամանած 80 հաւատացեալներ։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը ըսաւ. ''այսօր եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Խաչի տօնը։ Լաւապէս կ՛ըմբռնենք Քրիստոսի խորհուրդը, նուաստացումի այն խորհուրդը, Ինք որ ինքզինք ոչնչացուց մեզի համար, առնելով ծառայի կերպարանք, նման մարդկանց, եւ ինքզինք խոնարհեցուց մինչեւ խաչ, խաչին վրայ մահով։ Այս է Քրիստոսի խորհուրդը։ Խորհուրդ մը որ կը դառնայ մարտիրոսութիւն, մարդոց փրկութեան համար։ Յիսուս Քրիստոս առաջին մարտիրոսը, առաջինը որ իր կեանքը կու տայ մեզի համար, ու այդ խորհուրդէն սկիզբ կ՛առնէ ամէն ինչ, քրիստոնեաներու մարտիրոսութեան համայն պատմութիւնը, առաջին դարերէն մինչեւ այսօր։

Առաջին քրիստոնեաները խոստովանեցան Յիսուս Քրիստոսը իրենց կեանքով եւ այդ պատմութիւնը ահա կը կրնկուի նաեւ այսօր ուր եկեղեցւոյ մէջ կան առաջին շրջաններէն շատ աւելի նահատակներ։ Այսօր կան քրիստոնեաներ, հալածուած, հարստահարուած, սպաննուած, բանտարկուած, մորթուած, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսը  չեն ուրանար։ Ու այս պատմութեան ընդմէջէն կը հասնինք Հայր Ժաքին։ Ան մաս կը կազմէ այդ նահատակներու շառաւիղին։ Այսօր` քրիստոնեաները կը տառապին չ՛ուրանալու համար Յիսուս Քրիստոսը, ենթարկուելով  դաժանութեան որ հաւատուրացութիւն կ՛ուզէ եւ որ սատանայական է, ըսաւ Սրբազան Պապը, աւելցնելով ''Որքան կ՛ուզենայի որ բոլոր կրօնական դաւանանքները ըսէին ''Աստուծոյ անունով սպաննելը սատանայական է''։

Հայր Ժաք Համել մորթուեցաւ Խաչին մէջ, մինչ կը յիշատակէր Քրիստոսի զոհաբերումը։ Բարի, հեզաբարոյ ու եղբայրութեան մարդ մը, որ կը փնտռէր խաղաղութիւնը եւ սպաննուեցաւ կարծես ըլլար ոճրագործ մը։ Այս է հալածանքի սատանայական արարքը – յայտնեց Սրբազան Քահանայապետը, նշելով, թէ իրեն վրայ մեծ ազդեցութիւն թողած է Հայր Ժաքի լուսամտութիւնը, որ իր վերջին շունչը չ՛արձակած կարողացաւ յստակօրէն կրկնել մարդասպանի անունը, կարծես թէ ըսէր ''հեռու ինձմէ սատանայ''։

Ան կեանքը տուաւ մեզի համար, կեանքը տուաւ չուրանալու համար Յիսուսը։ Այս քաջութեան օրինակը, կեանքի նուիրումով ու մարտիրոսութեամբ թող մեզ օգնէ յառաջ ընթանալու անվախ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց ''Աղօթելու անոր։ Ան նահատակ մըն է ու նահատակները երանելի են։ Թող որ ան Երկինքէն մեզի պարգեւէ հեզութիւն, եղբայրութիւն, խաղաղութիւն­, ինչպէս նաեւ քաջութիւն միշտ ճշմարտութիւնը ըսելու. ''Աստուծոյ անունով մարդասպանութիւնը սատանայական է''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.