2016-09-13 10:33:00

Վանի մէջ ուժգին պայթում մը վիրաւորներ կը խլէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սեպտեմբեր 12ին, Վան քաղաքի կեդրոնական շրջանները գտնուող Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնատեղիին առջեւ տեղի ունեցած է ուժգին պայթում մը, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է 48 հոգի։ Ըստ տեղական մարմիններու՝ ականուած ինքնաշարժով մը իրականացած յարձակումը կազմակերպուած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.