2016-09-13 09:21:00

Մեքսիքոյի մէջ Ընտանիքի պաշտպանութեան ի սպաս հաւաք։


(Ռատիօ Վատիկան) Մեքսիքոյի ''Frente Nacional por la Familia'' միջ-կրօնական կազմակերպութեան ձեռնարկով, անցեալ շաբաթ` 10 սեպտեմբերին, Մեքսիքոյի 125 քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցաւ ''Ընտանիքի համար քայլարշաւ'' մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի մեքսիքացիներ։

կազմակերպուած էր ի պատասխան Մեքսիքոյի նախագահ` Էնրիք Փենիա Նիեթոյի "matrimonios igualitarios'' օրէնքի նախագիծին արտայայտած կողմնակցութեան։

Քայլարշաւի ընթացքին ելոյթ ունեցող զանազան կրօններու պատուիրակները շեշտեցին Մեքսիքոյի ընկերութեան համար ընտանիքի կառոյցին արժէքի կարեւորութիւնը։

''Մեքսիքացիներու 75 առ հարիւրին համար ընտանիքը կը մնայ առաջնահերթ արժէք'' հաստատած է գերապայծառ Փետրօ Փապլօ Ելիզոնտոն որ ակնարկելով քայլարշաւի մէկ միլիոն անհատներու մասնակցութեան ընդգծած է թէ թէ այս մէկը զօրեղ ու յստակ պատգամ մըն է ընտանիքի կառոյցի պաշտպանութեան ի սպաս։

Միւս կողմէ Մեքսիքոյի եպիսկոպոսները յայտարարեցին թէ այդ քայլարշաւը ժողովրդական շարժումներու ձեռնարկով կատարուած է դիտել տալով թէ թէ այս դիրքը չի նշանակեր դէմ ըլլալ մէկու մը եւ ոչ ալ միասեռականներուն` որոնց իրաւունքը պէտք է պաշտպանուի, սակայն առանց ժխտելու եւ ոչ ալ կործանելու կամ  խեղաթիւրելու ամուսնութեան իմաստն ու նշանակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.