2016-09-13 10:20:00

ՀՀ Նախագահը Կարէն Կարապետեանը Վարչապետ նշանակելու հրամանագիր ստորագրած է


ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 13­-ին ստորագրած է հրամանագիր՝ Կարէն Կարապետեանը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ նշանակելու մասին:

ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հրամանագիրով կը նշուի.

«Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55­-րդ յօդուածի 4-­րդ կէտով` որոշւում. Կարէն ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆին նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.