2016-09-13 10:17:00

Կոմիտասի նուիրուած «Վարդավառ» երգչախումբի անդրանիկ ելոյթը։


Ներսէս Ներսէսեան «Հայերն Այսօր»ին յղած իր թղթակցութեամբ կը յայտնէ, թէ յորդանանահայ «Վարդավառ» երգչախումբի անդրանիկ ելոյթը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 29 Օգոստոսին, Ամմանի «Էլ Հուսէին» Մշակութային կեդրոնի թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Հաշիմական ընտանիքի իշխանուհի Ռիմ Ալիի եւ նախագահութեամբ Ամմանի քաղաքապետ Աքըլ Պըլթաճիի: «Շնորհիւ հայ արուեստի կատարող, երաժիշտ, երգահան, խմբավար Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի եւ ելոյթի շնորհաբեր դերակատարներուն հայ արուեստն ու մշակոյթը բազմիցս արձագանգուեցաւ երկիր Յորդանանի շատ եւ շատ օրաթերթերու մէջ», կը յայտնէ Ներսէս Ներսէսեան:

Օրուան բացման խօսքէն ետք Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի կողմէ 4 ձայներու բաժանուած Յորդանանի քայլերգով հանդէս եկաւ  երգչախումբը:

Ն. Ներսէսեան կը տեղեկացնէ, որ 30 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը կեանքի կոչուեցաւ 2016ի սեմին: «Երգչախումբը կազմուեցաւ Յորդանանի հայ համայնքին հանդէպ Վարդուհիի ունեցած նախանձախնդրութենէն», կ՛ըսէ ան:

Ամբողջ համերգին ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Յորդանանի Ազգային  երաժշտանոցի սենեկային նուագախումբը, գլխաւորութեամբ երաժշտանոցի տնօրէն, Յորդանանի Ազգային նուագախմբի ղեկավար Մոհամմատ Օթման Ստիքի:

«Սոյն միջոցառումը արժանացաւ բոլորին ազգային գիտակցութիւնը մարմնաւորելու սրբազան նպատակին: Հանդիսատեսը շլացաւ երգչախումբի ձայնային ձուլման ու ներդաշնակութեան, պարարուեստի քնքշութեան եւ հանդիսութիւնը խանդավառող ե-րաժշտութեան մթնոլորտով: Հանդիսականները ոգեւորուած եւ հպարտութեամբ տոգորուած կ՛ուզէին իրենց գոհունակութիւնը լաւագոյն ձեւով արտայայտել: Ոմանք փափաք յայտնեցին հետաքրքրուելու Կոմիտասի մեծութեամբ, եւ երաժշտութեան մէջ իր ներդրումներով: Եւ վերջապէս, «Վարդավառ» երգչախումբը յաջողեցաւ ազգային երաժշտութիւնը Յորդանանի մշակութասէր շրջանակներու մէջ թափանցելու իր որդեգրած անբասիր նպատակին մէջ», կ՛եզրակացնէ Ներսէս Ներսէսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.