2016-09-13 10:26:00

Լեւոն Մկրտչեան Վրաստանի մէջ կը քննարկէ Ջաւախքի հայերէնով ուսուցմամբ դպրոցներու հարցը


Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Ալեքսանդր Ճեճելաւայի հրաւէրով՝ ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 2016 թուականի Սեպտեմբեր 12­-14 կը գտնուի Վրաստան: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են ՀՀ ԿԳՆ աշխատակազմի արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան սփիւռքի բաժինի պետ Կարէն Մնացականեանը եւ ՀՀ ԿԳՆ կրթական ծրագիրներու կեդրոնի տնօրէն Գրիշա Յովհաննիսեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատւութեան վարչութենէն:

Այցն ընթացքին կը նախատեսուին շարք մը հանդիպումներ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի պատասխանատուներու հետ, մասնաւորապէս, կը քննարկուին երկու երկիրներու կրթական համակարգերու բարեփոխումներու, կրթական քաղաքականութեան, կրթութեան որակի ապահովման եւ օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն կրթութեան ոլորտին մէջ յետագայ հնարաւոր համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր: Կը նախատեսուին նաեւ միջգերատեսչական համաձայնագրի ծիրէն ներս գործուղուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի ուսանողներու հիմնախնդիրներուն վերաբերող հարցերու քննարկում:

Այցի օրակարգին են Ջաւախքի հայերէնով ուսուցմամբ դպրոցներուն վերաբերող հարցեր` ուսուցիչներու վերապատրաստումներու արդիւնաւէտ կազմակերպում, իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն` դասագիրքերու, ուսումնամեթոտական եւ դպրոցական գրադարանային գրականութեան տրամադրում: Կողմերը կը քննարկեն նաեւ երկու երկիրներու վարչապետներու հանդիպման ընթացքին ձեռքբերուած համաձայնութիւնները եւ անոնց իրականացման մեքենականութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.