2016-09-13 09:33:00

ԱՄՆ-ի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան Ազգային Համագումարը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սեպտեմբեր ամսոյն 7-9, Ուաշինկթըն Քաղաքին մէջ կայացած է 2016 թուականի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան Ազգային Համագումարը, խնամակալութեամբ Քրիստոնեաներու Պաշտպանութեան խմբակի եւ մասնակցութեամբ Ֆիլոս Ծրագրի, Համաշխարհային Յանձնառութեան Հաստատութեան եւ Ամերիկայի Հայ Ազգային Ժողովի։

Քարլ Անտըրսըն, Գերագոյն Աստպետ Քոլումպուսի Ասպետներուն, շեշտած է, թէ տարածաշրջանի մէջ պէտք է վերջ գտնէ կրօնական խտրականութիւնը։ «Մեր վճարած տուրքերը պէտք չէ գործածուին այդ շրջանին մէջ խտրականութեան կառոյց մը ստեղծելու, ուր կրօնական փոքրամասնութիւնները տեւապէս կը նկատուին երկրորդ կարգի քաղաքացիներ» ըսած է Անտըրսըն ու կոչ ուղղած է ԱՄՆի նախագահական թեկնածուներուն, թէ յաջորդ կառավարութիւնը պէտք է քրիստոնեաներու իրաւունքներուն նեցուկ կանգնի։

Համագումարի մասնակիցներ եւ կրօնապետեր հանդիպում ունեցած են նաեւ ԱՄՆի Քոնկրեսի անդամներու հետ, քննարկելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ապագան։

Քոլումպուսի Աստպետները մեծագումար օգնութիւններ կատարած են, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ հալածուած քրիստոնեանրուն, եւ կʼաշխատին որ ԱՄՆը ճանչնայ թէ քրիստոնեաները Իսլամական Պետութեան իշխանութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ ենթարկուած են ցեղասպանութեան։

Գերագոյն Ասպետ Անտըրսըն`իր կատարած աշխատանքին համար, արժանացած է գնահատագիրի մը.  Ան այս առընչութեամբ ընդգծած է թէ Քրիստոնեաներն են «արժանի գնահատագիրի մը. անոնք ամէն ինչ կորսնցուցած են, բացի իրենց հաւատքէն»։

Յիշեալ համագումարի գլխաւոր նիւթերէն մին եղած է, թէ երբ ԱՄՆը յայտարարէ, թէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու, եզիտիներու եւ շիա իսլամներու դէմ կատարուածը ցեղասպանութիւն է, զոհերուն պէտք է վերադարձնել իրենց բնակարանները եւ ապագային պաշտպան կանգնիլ անոնց։ «Ցեղասպանութիւնը, որ սկսած է սուրով, պէտք չէ շարունակուի անտարբերութեամբ, ըսած է Անտըրսըն ընդգծելով թէ ԱՄՆը պէտք է ապահովեցնէ, որ օգնութիւնները հասնին տեղահանուած քրիստոնեաներուն։ Ցարդ կատարուած օգնութիւնները անցած են սխալ խողովակներէ։

''Չենք կրնար այլեւս վստահիլ օգնութիւններու բաշխման միայն կառավարական կառոյցին վրայ։ Պէտք է ուսումնասիրենք եւ գտնենք բաշխման նոր խողովակներ, եւ օգնութիւնները նախընտրաբար տրուին ցեղասպանութեան զոհերուն'' ըսած էր միշտ  Անտըրսըն  հրաւէր ուղղելով ԱՄՆի յաջորդ կառավարութեան նոր «իրապաշտ կեցուածք մը որդեգրելու տարածաշրջանի մարդկային իրաւանց հարցերու մերձեցման մէջ, յառաջ տանելով Մարդկային Իրաւանց Տիեզերական Յայտարարութիւնը, եւ ոչ թէ Շարիայի օրէնքը։ Որովհետեւ, աւելցուցած է Անտըրսըն, երբ իսլամական կառավարութիւններ կը խօսին մարդկային իրաւունքներու մասին, անոնք իբր սկզբունք կ՛առնեն Գահիրէի Յայտարարութիւնը, որ հիմնուած է Շարիայի վրայ։ Հետեւաբար իրապաշտ պէտք է ըլլալ եւ թոյլ չտալ, որ անոնց մեզ խաբեն»։








All the contents on this site are copyrighted ©.