2016-09-12 12:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը. ''Սատանան կ՛ուզէ Եկեղեցին բաժնել''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Բաժանումները կը կործանեն Եկեղեցին ու սատանան կը ջանայ հարուածել միութեան արմատը որ է ''Սուրբ Զոհը'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այսօր` երկուշաբթի 12 սեպտեմբերի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

Ներշնչուելով Սուրբ Պօղոսին Կորնթացիներուն ուղղած նամակէն, որուն մէջ առաքեալը կը յանդիմանէ զանոնք իրենց մէջ տիրող վէճերու համար, Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ ''Սատանան երկու հզօր զէնքեր ունի Եկեղեցին կործանելու համար. Բաժանումներն ու դրամը''։ Եւ թէ այս կը պատահի ի սկզբանէ. Գաղափարական ու Աստուածաբանական բաժանումներ` որոնք կը յօշոտեն եկեղեցին։

Այնպէս ինչպէս կը պատահի պատերազմի ժամանակ ''ամէն ինչ կը կործանի ու սատանան կ՛ուրախանայ'' ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ ''մենք միամիտներս անոր լարած թակարդին մէջ կ՛իյնանք'' ու շեշտելով թէ ''Բաժանումի պատերազմը կեղտոտ է, նման ահաբեկչութեան''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդգծեց թէ Եկեղեցւոյ մէջ  բաժանումները արգելք կը հանդիսանան Աստուծոյ Արքայութեան տարածումին։ Անոնք թոյլ չեն տար որ Տէրը յայտնուի այնպէս ինչպէս որ է - ըսաւ Ան ու աւելցուց. ''Ես ձեզմէ կը խնդրեմ որ ամէն ջանք դափէք Եկեղեցին չկործանելու համար բաժանումներով, ըլլան անոնք արդիւնք գաղափարականներու,  կամ փառասիրութեան ու նախանձի. Ու յատկապէս աղօթեցէք պահպանելու համար միութեան աղբիւրը` Եկեղեցւոյ միութեան արմատը որ է Յիսուս Քրիստոսը զոր մենք ամէն օր կը յիշատակենք Սուրբ պատարագի զոհի ընթացքին։

Հայցենք Տիրոջմէ Եկեղեցւոյ միութիւնը, թող որ բաժանումներ գոյութիւն չունենան ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը քարոզի աւարտին վերահաստատելով թէ ''Եկեղեցւոյ միութեան արմատը կը գտնուի նոյնինքն Քրիստոսի զոհաբերումին մէջ` զոր մենք կը յիշատակենք ամէն օր''։

Յայտնենք թէ առաւօտեան սուրբ պատարագի զոհին ներկայ էր նաեւ Մեքսիքոյի Սան Լուիս Փոթոցի թեմին երբեմնի եպիսկոպոս` 95 ամեայ գերապայծառ Արթուրօ Անթոնիօ Շիմանսքի Ռամիրեսը, որուն` պատարագին սկիզբը. ողջոյնի խօսք ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ ան մասնակցած էր Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին եւ որ այսօր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը կատարել ժողովրդապետութեան մը մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.