2016-09-12 08:35:00

Արամ Ա. Վեհափառ հանդիպում ունեցաւ Ղպտի եւ Ասորի ուղղափառ պատրիարքներուն հետ։


Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Թէոտորոս Բ. պատրիարքը եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. պատրիարքը հանդիպում մը ունեցան: Տեսակցութեան ընթացքին քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը քննարկեցին Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը, միջեկեղեցական եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր, քրիստոնեաներու արտագաղթը եւ շրջանին մէջ եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Հոգեւոր պետերու առանձնակի հանդիպումէն ետք, անոնց միացան խորհուրդի համաժողովին մասնակցող երեք եկեղեցիներու պատուիրակութիւնները: Վեհափառ հայրապետն ու պատրիարքները մանրամասնօրէն տեղեակ պահուեցան ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքին եւ արեւելեան ուղղափառ, կաթողիկէ ու անկլիքան եկեղեցական ընտանիքներուն միջեւ տեղի ունեցող պաշտօնական աստուածաբանական երկխօսութիւններու ընթացքին մասին: Հոգեւոր պետերը շեշտեցին աստուածաբանական երկխօսութիւնները զարգացնելու կարեւորութիւնը եւ միջեկեղեցական ժողովներու ընթացքին աստուածաբանական հարցերու շուրջ մեր ընտանիքի միակամ կեցուածքը արտայայտելու անհրաժեշտութիւնը:

Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Աֆրամ Բ. պատրիարքը մանրամասնօրէն խօսեցան Սուրիոյ հայ եւ ասորի համայնքներուն դիմակալած նեղութիւններուն մասին: Անոնք շեշտեցին, որ այդ համայնքները, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ միւս համայնքները, կը փորձեն յաղթահարել ստեղծուած ամէն տեսակի տնտեսական ու ապահովական դժուարութիւնները եւ հաստատեցին, որ այս պայմաններուն տակ զոյգ եկեղեցիները առաւելագոյն չափով երկու համայնքներու զաւակներուն կողքին են:

Երեք եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն կողմէ կազմուած հոգեւոր պետերու հանդիպումներուն Գործադիր յանձնախումբը ժողով մը պիտի գումարէ, որպէսզի պատրաստէ հոգեւոր պետերու յառաջիկայ հանդիպումին օրակարգը, որուն կարեւոր վերնագիրները ճշդուեցան հոգեւոր պետերուն կողմէ: Շուրջ քսան տարիներ առաջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ սկսած Միջին Արեւելքի ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ժողովը կանոնաւոր կերպով կը գումարուի: Սոյն հանդիպումին նպատակն է շրջանին մէջ կանոնաւորել ու ամուր հիմերու վրայ պահել հայ, ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներու յարաբերութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.