2016-09-12 13:09:00

Ասսիզիի խաղաղութեան ի սպաս միջ կրօնական հանդիպումի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքաբթի 13 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան 11.30-ին Ռատիովատիկանի Մարքոնի անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու համար` յառաջիկայ 18-20 սեպտեմբեր, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ ու Ասսիզիի թեմին ու Ֆրանչիսկեան Միաբանութիւններու ընտանիքի աջակցութեամբ­, Ասսիզիի մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան ի սպաս միջկրօնական հանդիպումը որուն բնաբանն է ''Խաղաղութեան ծարաւ. Կրօններ եւ մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ''։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պիտի բացատրուի այս կարեւոր հանդիպումի իմաստն ու արժէքը որ տեղի կ՛ունենայ պատմական յատուկ ժամանակի մը մէջ, ուր կարիքը կայ խաղաղութեան կառուցումին, աշխարհի մը մէջ որ յատկանշուած է պատերազմներով, ահաբեկչութեան ու բռնութեան երեւոյթներով որոնց ականատես ենք ամէն օր։

Ասուլիսի ընթացքին կը ներկայացուի նաեւ երեք օրերու յայտագիրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 450-է աւելի կրօնապետեր, իշխանութիւններու ու մշակոյթի աշխարհի ներկայացուցիչներ, մինչ 20 սեպտեմբերին կը սպասուի Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետին մասնակցութիւնը։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Ասսիզիի Մայրավանքի բանբեր` Հայր Էնցօ Ֆորթունաթօ, Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան նախագահ` Տիար Մարքօ Իմփալիացցօ եւ Ասսիզի թեմին եպիսկոպոս` գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրենթինօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.