2016-09-12 12:46:00

Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի հաւաքը։


(Ռատիօ Վտաիկան) Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Խորհուրդը` հիմնուած Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ, 2014 թուականի մարտ ամսոյն, երկուշաբթի 12 սեպտեմբերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ յայտնեց թէ սեպտեմբեր ամսոյն 5-11, խորհուրդի անդամները հաւաքուեցան Հռոմ՝ կատարելու խմբային աշխատանքներ, եւ ներկայ գտնուելու խորհուրդի լիագումար նիստին։

Յիշեալ հաւաքին քննարկուեցան ընթացիկ ծրագիրներ եւ առաջարկներ, որ ապա պիտի ներկայացուին Սրբազան Պապին։ Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ մնայուն դաստիարակչական ծրագիրներու վրայ, նկատի առնելով աշխարհի չորս կողմ գտնուող թեմերու ընթացիկ գործունէութիւնը։

Ձեռնարկի ծիրէն ներս խորհուրդի անդամները հրաւիրուած են իրենց բաժինը բերելու եպիսկոպոսներու մատուցուած հրահանգման ծրագրին, որուն կը նախաձեռնէ Ժողովուրդներու Աւետարանման Ժողովը։ Նաեւ պիտի կատարուին հանդիպումներ Կղերիկոսներու եւ Եպիսկոպոսներու Ժողովներու գրասենեակներուն հետ։

Մանկամոլութեան խնդիրներու քննարկման իբր մաս, առաջարկ ներկայացուած է, որ որոշուի աղօթքի օր մը, մանկամոլութեան զոհերու համար, որ պիտի նպաստէ նաեւ զոհերու բուժման ընթացքին։

Սրբազան Պապը խնդրած է, որ ազգային Եպիսկոպոսական Ժողովները իրենց թեմերուն մէջ հաստատեն աղօթքի այդ օրը։

Այս առիթով քննարկուած է նաեւ Սրբազան Պապի՝ «Սիրալիր Մօր մը նման» Ինքնաբուխ Գիրը, որուն մէջ Սրբազան Պապը եպիսկոպոսներու վրայ դրուած հաշուետուութեան պարտականութիւնը ծաւալած էր նաեւ այլ եկեղեցական ղեկավարներու վրայ։

Սրբազան Պապի ինքնագիրը կը շեշտէ «անչափահասներու եւ խոցելի չափահասներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը, ուր պէտք է կատարուի ամէն կարելին՝ որ այսպիսի ոճիրներ, որոնք գործուած են անցեալին, երբեք չկրկնուին Եկեղեցւոյ մէջ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.