2016-09-12 08:21:00

11 Սեպտեմբերի յարձակումներէն 15 տարի ետք։


«Եուրոնիուզ» կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն եւ Փենսիլվենիա քաղաքները լռութեան մատնուեցան` ոգեկոչելու համար 11 սեպտեմբեր 2001-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած ահաբեկչական յարձակումներու զոհերուն յիշատակը:

Շուրջ 3000 մարդիկ մահացան, երբ Քայիտայի անդամներ առեւանգեցին չորս ճամբորդատար օդանաւեր: Անոնցմէ մէկը բախեցաւ Նիւ Եորքի Համաշխարհային Առեւտուրի կեդրոնի երկու երկնաքերերուն: Հիւսիսային կողմը գտնուող երկնաքերը աւելի քան 1,5 ժամ այրեցաւ, իսկ հարաւային կողմի երկնաքերը` 56 վայրկեան: Ապա անոնք երկուքն ալ քանի մը երկվայրկեաններու մէջ փուլ եկան` անդառնալի կերպով փոխելով Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղաքական եւ իրողական տեսադաշտը եւ ստեղծելով այն ինչ որ այսօր կը կոչուի «Կրաունտ Զիրօ»:

Այլ ճամբորդատար օդանաւ մը ինկաւ Ուաշինկթընի մօտ գտնուող Փենթակոնին վրայ, իսկ ճամբորդներ յաջողեցան իրենց ջանքերով չորրորդ օդանաւը վար առնել Փենսիլվենիոյ մէջ:

Երէկ ամբողջ Ամերիկայի տարածքին տեղի ունեցան հոգեհանգստեան արարողութիւններ` զոհերուն յիշատակին:

Նախագահ Պարաք Օպամա խոստացաւ, որ ամերիկեան կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր կարելիութեան մէջ եղող ամէն բան ընել` պաշտպանելու համար երկրին ժողովուրդը:

«Թերեւս ամէնէն աւելի այս օրուան ոգիին հաւատարիմ կը մնանք ոչ միայն մեր երկիրը պաշտպանելով, այլ նաեւ մեր իտէալները», ըսաւ ան զոհերուն հարազատներուն:

«Այս պայքարի 15 տարիներուն ընթացքին սպառնալիքը եղափոխուած է: Քայիտայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի նման խմբաւորումները երբեք պիտի չկարենան պարտութեան մատնել Ամերիկայի նման այսքան մեծ եւ ուժեղ պետութիւն մը, ուստի անոնք փոխարէնը կը փորձեն ահաբեկել` յուսալով, որ կրնան մեզ իրարու դէմ լարելու առումով բաւարար վախ ներարկել»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն Նիւ Եորքի մէջ 11 սեպտեմբեր 2001-ի յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին անհանգստանալով հեռացաւ արարողութենէն: Ապա Նիւ Եորքի մէջ իր դստեր տունէն դուրս գալով լրագրողներուն յայտնեց, որ «հոյակապ» կը զգայ եւ «Նիւ Եորքի մէջ գեղեցիկ օր մըն է»: Հետագային անոր ընտրական գրասենեակէն յայտարարեցին, որ ան շատ հանգիստ կը զգայ, արարողութենէն հեռացած է «չափազանց շատ տաքնալուն» պատճառով եւ այժմ «շատ աւելի լաւ կը զգայ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.