Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Վանի բերդը, որ այսօրուայ Թուրքիոյ տարածքին մէջ կը գտնուի, ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Այս մասին՝ ըստ Ermenihaber.am-ի՝ կը տեղեկացնէ թրքական «Haber.sol.org» լրատուակայքը:
Թուրքիո մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի նախագահ Օճալ Օղուզը մանրամասնած է, որ որոշումը տրուած է դեռ Ապրիլին, սակայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն այս մասին միայն հիմա յայտարարած է:
Վանի բերդէն բացի` Թուրքիոյ ներկայացուցած յայտին հիման վրայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուած են եւս 9 պատմամշակութային կառոյցներ ու վայրեր:
Յիշեցնենք, որ Յուլիսին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ հայոց մէկ այլ պատմական մայրաքաղաք` «հազար ու մի եկեղեցիներու» քաղաք Անին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |