2016-09-10 09:16:00

Սուրիոյ մէջ հրադադարի համաձայնութիւն Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու անոր պաշտօնակից Ճան Քերիի միջեւ Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատելու գծով բանակցութիւնները յանգեցան զինադադար հաստատելու որոշումին յառաջիկայ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ, Իսլամական Իտ Էլ Ատհայի օրը։

Վերոնշեալ լուրի յայտարարութիւնը տրուեցաւ Ժընեւի մէջ` 13 ժամ տեւած բանակցութիւններու աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.