2016-09-10 08:21:00

Խաչվերացը. «Խաչիդ Զօրութեան Մեռնիմ»… ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Խաչվերացը, որ ամէն տարի` այս շրջանին մէջ կը տօնենք, մեր եկեղեցիին տաղաւար, այսինքն հինգ մեծագոյն տօներէն մին է:

Տօնին պատմութիւնն ունի իր չորս հերոսները: Սկսիմ մարդկայիններէն: Առաջինն է Բիւզանդական կայսրութեան գահակալը` հայազգի Հերակլէս (575-641) կայսրը, «Խաչին ազատարարը», որ գահ բարձրացաւ 610-ին:

Ընդհանուր պատմութենէն գիտենք, որ Հերակլէս աստուածավախ, բարեպաշտ հաւատացեալ, ինչպէս ալ մարեմասէր անձնաւորութիւնն էր:

Պարսիկները, որոնք 614-ին գրաւելով Երուսաղէմը` գերեվարած էին հոն պահուած Յիսուսի խաչափայտը, 619-ին պաշարեցին կայսերական մայրաքաղաքը: Մահու-կենաց ճակատամարտը աւարտեցաւ աշխարհակալներուն ջախջախիչ պարտութեամբ ու նահանջով:

Հին ժամանակներու պատմութիւնը կը կրկնուի նաեւ մեր ժամանակներուն մէջ: Հերակլէսի դէմ կար Պարսկական կայսրութեան շահը` Խոսրով Բ. Փարվէզ, որ ինքնահռչակ շպարով յայտարարած էր իր եսը «տէրը աշխարհին եւ ներկայացուցիչը աստուածներուն»:

Այսօր ալ նմանատիպ գաճաճներ կան, որոնք կ’ուզեն անգիտանալ, թէ մեր Տէրը միշտ «ցրուեց ամբարտաւաններն» ու «տապալեց հզօրները» (Ղկ. 1,51,52):

Մարդկային երկրորդ հերոսն է Մժեժ Գնունի` հայկական բանակին հրամանատարը, որ յաղթապանծ քաջութիւններ գործեց պարսիկներուն դէմ` արժանանալով կայսրին կողմէն Հայաստանի «կիւրաղապատ» նշանակումին:

Երրորդ հերոսն է խաչափայտը, որ Հերակլէս ազատագրեց պարսիկներէն: Զայն վերադարձուց Երուսաղէմ: Ճանապարհին, Հայաստանի պատմական հողերէն անցած ատեն, տեղի ունեցան մեծաշուք հանդիսութիւններ, որոնց ընթացքին կը վերացուէր խաչափայտը` իբրեւ նշանը ցնծութեան ու յաղթութեան:

Չորրորդ հերոսն է Մարիամ Աստուածամայրը, որուն սրբանկարը Հերակլէս կը կրէր իր վրայ բոլոր պատերազմներուն ժամանակ: 628-ի վճռական ընդհարումէն ետք, ռազմաճակատէն իսկ ղրկած իր նամակին մէջ, կը ներբողէ «ամենասուրբ Մայրը, մեր օրհնեալ Տիրուհին, Աստուածածինն ու յաւերժական Կոյսը», որուն միջնորդութեամբ «ինկաւ ամբարտաւան եւ աստուածամարտ Խոսրովը, կործանեցաւ ամբարիշտը, որ գոռոզութեամբ եւ արհամարհանքով կը ժայթքէր հայհոյանք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի` ճշմարիտ Աստուծոյ հասցէին»:

Խաչվերացի տօնակատարութեան ընթերցումը առնուած է չորրորդ աւետարանիչէն` Ս. Յովհաննէսէն, որ կը փոխանցէ Յիսուսի սրտէն ու բերանէն ելած խօսքեր (Յվհ. 3,13-21):

Մինչեւ այն օրհնեալ պահը` չլսուած խօսքեր, որոնք կ՛ապացուցեն Քրիստոսի աստուածութիւնն ու մարդկութիւնը:

Այն օրհնեալ պահէն սկսեալ` անյետսկոչելի խօսքեր, որոնք կը փաստեն Աստուծոյ «խենթանալիք» մարդասիրութիւնն ու Յիսուսի մարդեղութեան նպատակը:

Դարերը մաշեցուցած եւ հակամարտութիւնները չէզոքացուցած խօսքեր, որոնց ամփոփած միայն քանի մը ճշմարտութիւններու կ’արձագանգեմ այսօր:

«Մարդու Որդին, որ երկինքն է», Յիսուս Քրիստոս, «միայն Ան, որ իջաւ երկնքէն»: Իջածը Բարձրացողն է նախ դէպի Գողգոթա, ապա անկէ` երկինքը:

Էջքն ու բարձրացումը կը միաձուլուին նոյն անձին մէջ, որ Մարդու Որդին է` օրինակն այն փրկարար օձին, զոր Մովսէս «բարձրացուց անապատին մէջ»:

Աստուծոյ ու Մովսէսի դէմ գանգատած եւ անոր համար պատժուած օձահար Իսրայէլացիները, երբ նայէին Տիրոջ հրահանգով Աստուծոյ ծառային կանգնած օձին, կ՛ազատէին թունաւորումէն ու կ՛ապրէին (Թք. 21,4-9):

Նոյնպէս, ամէն մարդ, որ կը հաւատայ բարձրացած Մարդու Որդիին` Յիսուս Քրիստոսին, «կ՛ընդունի յաւիտենական կեանքը»:

Յաւիտենական կեանքէն Իջածը` Աստուածամարդը ոչ միայն կը բարձրանայ, այլ նաեւ կը բարձրացնէ յաւիտենական կեանքին:

Եթէ հարցնէք` «Պատճա՞ռն այս ստոյգ եւ անանցանելի ճշմարտութեան…»:

Կը պատասխանեմ Փրկչին յայտնախօսութեամբ. «Աստուած այնքա՜ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ, որ հաւատայ Անոր, չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը»:

Կարծէք` Հայր Աստուծոյ մարդասիրութիւնը, պահ մը շատ աւելի մեծ ու գործօն էր, քան` Հայր Աստուծոյ անհուն եւ անքննելի զաւկասիրութիւնը…:

Ինչպէս ալ, կարծես, Որդի Աստուծոյ հոգեսիրութիւնը, պահ մը շատ աւելի տիրական ու ներազդու էր, քան` Որդի Աստուծոյ երկնային մեծվայելչութիւնը…:

Դեռ աւելի՛ն. կարծես` մարդերը փրկելու Հօր կամքին Որդիին անսակարկ հպատակութիւնը ոչ միայն յայտարարել տուաւ, այլ նաեւ պտղաբերեց, կը պտղաբերէ ու պիտի պտղաբերէ. «Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէսզի դատէ աշխարհը, այլ որպէսզի աշխարհը փրկուի Անով»:

Աստուած Հօրմէն եւ Աստուած Որդիէն ուզուած փրկութիւնը, սակայն, կախուած է քեզմէ, ինձմէ եւ անկէ` մեզմէ իւրաքանչիւրէն` նորէն մեր Վարդապետին խօսքին համաձայն. «Ով որ կը հաւատայ Անոր` Մարդու Որդիին, չի դատապարտուիր, իսկ ով որ չի հաւատար, արդէն իսկ դատապարտուած է, որովհետեւ չհաւատաց Աստուծոյ Միածին Որդիին անունին»:

Աղօթե՛նք, որ դուն, ես եւ ան` մենք ըլլանք այն խաչապաշտ հաւատացեալներէն, որոնցմէ ամէն մէկը ճշմարտութիւնը գործելով` «կու գայ Լոյսին», ապա կը կրկնէ հինաւուրց սա սրտատրոփը հայադրոշմ` «Խաչիդ զօրութեան մեռնիմ»:


Այնճար, 14 սեպտեմբեր 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.