2016-09-10 08:02:00

Լատիսլաօ Պուքովիրիսքիի երանացման արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քարականտա քաղաքին մէջ (Քազախստան), տարւոյս սեպտեմբեր 11ին տեղի կ՛ունենայ Լատիսլաօ Պուքովիրիսքիի երանացման արարողութիւնը զոր կը գլխաւորէ Սուրբերու Դատի ժողովին կառավարիչը կարդինալ Անճելօ Ամաթօ։

Պուքովիրիսքի, ծնած է 1904ին Քիեւի մէջ։ Ընտանիքը կանուխէն փոխադրուած է Լեհաստան, ուր ան ընդունած է քահանայական օծումը։ Հակառակ մեծ խոչընդոտներու իր առաքելութիւնը միշտ կատարած է անխոնջ կերպով։ Յատուկ խնամք տարած է հիւանդներուն եւ կարիքաւորներուն։ Ենթարկուած է բանտարկութեան եւ պարտադրուած հարկադիր աշխատանքի։

Նաեւ բանտարկութեան շրջանին ապրած է աշխուժ հոգեւոր կեանք մը աղօթքով եւ զոհողութիւններով, եւ շարունակած է անվախ կերպով կատարել իր հոգեւոր առաքելութիւնը, ի մխիթարութիւն բազմաթիւ հոգիներու։

1955 թուականին ընդունած է Սովետական հպատակութիւն եւ մինչեւ իր մահը, 1974 թուական, ծառայած է Քազախստանի մէջ։ Սրբակենցաղ կեանք մը ապրելէ ետք իր հոգին աւանդեց 3 դեկտեմբեր 1974-ին Քարականտայի մէջ ու անոր դամբանը շուտով դարձաւ ուխտագնացութեան վայր։  








All the contents on this site are copyrighted ©.