2016-09-09 12:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Աւետարանելը գործառոյթ մը չէ այլ կեանքի վկայութիւն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի՞նչ կը նշանակէ աւետարանել եւ ինչպէ՞ս կարելի է աւետարանել։ Ներշնչուելով օրուան ընթերցուածէն   քաղուած Սուրբ Պօղոսի Կորընթացներուն ուղղած նամակէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զգուշացուց քրիստոնեաները  ''ծառայութիւնը'' որպէս գործառոյթ ապրելէ ու  կատարուած գործերուն համար պարծանքէ եւ աւետարանը ու աւետարանումը լոկ հոգեորսութիւն դարձնելէ։

Աւետարանը հռչակելը չի կրնար պարծանք ըլլալ այլ, ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալ, պարտաւորութիւն ու այս պէտք է կատարուի մեր կեանքը բաժնեկցելով ուրիշներուն հետ, անոնց ուղեկցելով` հաւատքի ճանապարհի վրայ - ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց - Աւետարանելը վկայութիւն է առանց շատախօսութեան։ Եթէ մէկը հիւանդ է անոր մօտենալ, օգնել, ողորմութեան վարուելակերպ ցուցաբերել, ու մեր կեանքով ու ապրելակերպով ցոյց տալ թէ ինչո՞ւ մենք կը հաւատանք Յիսուս Քրիստոսին։

Այս աւետարանումը  կատարուելու ապա ձրիութեամբ որովհետեւ մենք ձրիաբար ընդունեցանք Աւետարանը, յարեց ապա Սրբազան Պապը։ Շնորհքը, փրկութիւնը ոչ կը վաճառուի եւ ոչ ալ կը գնուի։ Ձրի է ու մենք ձրիաբար տալու ենք զայն ուրիշներուն, հաստատեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ ամէնքս պարտականութիւնն  ունինք աւետարանելու ու թէ այս մէկը չի նշանակեր մեր դրացիին դուռը փախել ու անոր յայտնել թէ Քրիստոս Յարեաւ, այլ ապրիլ հաւաքը ու զայն արտայայտել հեզութեամբ ու սիրով, առանց մէկ մը համոզելու իղձով, այլ ձրիօրէն։

''Ձրի պարգեւել այն ինչ որ Աստուած ձրի տուաւ ինծի. Այս է աւետարանելը'' հաստատեց Քահանայապետը քարոզի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.