2016-09-09 13:28:00

Ողորմածութեան Յոբելենական Տարի (ԺԸ.)


Ողորմածութեան Յոբելենական Տարւոյն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կրկին ու կրկին կ՛անդրադառնայ աշխարհի չորս կողմ իշխող աղքատութեան, որ հասած է ահարկու չափերու, եւ որուն տակ կը տառապին միլիոնաւոր մարդիկ։ Սրբազան Հայրը իր քարոզներուն, պատգամներուն եւ յորդորներուն մեծ մասին մէջ կոչ կ’ուղղէ՝ օգնել աղքատներուն, արդար ըլլալ աղքատներուն հանդէպ։

Աղքատներուն հոգ տանիլ քրիստոնէական պարտականութիւններէն մին է։ Ասոր համար Եկեղեցւոյ Հայրեր, Հայրապետներ եւ հոգեւոր հովիւներ՝ քրիստոնեայ ժողովուրդը միշտ յորդորած են չանտեսել այդ էական պարտականութիւնը։ Նախորդ հաղորդումներուն մէջ յիշեցինք Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետի «Վասն Պտղոց եւ Պատարագաց եւ ողորմութեան» ճառէն հատուած մը։ Այստեղ կը շարունակենք Սուրբ Հայրապետին խօսքերը։

“Աղքատները կերակրելն է արժանի վարձատրութեան եւ երանութեան, այլ ոչ թէ յագեցածները եւ կարիք չունեցողները կշտացնելը։ Որովհետեւ ան, որ կը կերակրէ աղքատները եւ կարօտեալները, օտարականները եւ հիւանդները, ոչ թէ մարդիկ՝ այլ Քրիստոս կ՛ընդունի, Քրիստոս կը կերակրէ, Քրիստոս կը հագուեցնէ, Քրիստոս կը սփոփէ, Քրիստոս կը մխիթարէ, Քրիստոսի հանգիստ կու տայ, եւ Քրիստոսի կը սպասաւորէ, որովհետեւ անսուտ է տէրունական խօսքը (հմմտ. Մտթ ԻԵ. 40)

Եթէ աղքատները ընդունելով՝ Քրիստոս է, որ կʼընդունիս, ապա արժան չէ, որ Քրիստոսի ընդունելութեան զեխացածներու բազմութիւնը հաւաքել, զանոնք ներս բերել, իսկ Քրիստոս դուրս ձգել, զանոնք մեծարանքով վերեւը նստեցնել, իսկ Քրիստոս՝ արհամարհանքով ներքեւ, զանոնք՝ պատուով, բազմոցներու վրայ, իսկ Քրիստոս՝ արհամարհանքով պատուանդանի մօտ, զանոնք՝ այնտեղ՝ վերեւ, զուարթօրէն սպասաւորութիւն կ’ընդունին, իսկ Քրիստոս այստեղ՝ ներքեւ, կը նստի՝ գլուխը կախ։

Պէտք չէ այսպիսի արհամարհանքով ընդունիլ Քրիստոսը, որովհետեւ սրտմտութեան եւ բարկութեան կը մղես եւ ոչ թէ ողորմութեան եւ մեղքերու թողութեան։ Որովհետեւ եթէ ընդունելութիւնդ ողորմութիւն է, ինչու՞ կը հրաւիրես բազում ականատեսներ եւ մարդոցմէ հատուցում կʼընդունիս։ Ահա Քրիստոս քեզի կը սորվեցնէ՝ ըսելով. «Ողորմութիւն ըրած ժամանակդ զգոյշ եղիր՝ որ մարդոց առջեւ չկատարես զայն։ Որովհետեւ ան, որ մարդոց առջեւ կը կատարէ, մարդոցմէ հատուցում կը ստանայ։ Այլ քու ողորմութիւնդ ծածուկ ըլլայ, եւ քու Հայրդ, որ կը տեսնէ ծածուկը, յայտնապէս կը հատուցանէ քեզի» (Մտթ Զ. 1-4)։ Արդ, մի՛ զրկուիր այդպիսի վարձատրութենէն եւ քու ողորմութեանդ ականատեսներ մ´ի հաւաքեր, այլ զգուշութեամբ մատակարարէ ծածուկ. որովհետեւ մօտ է գողը, կը գողնայ քու վարձքդ. դարանակալ է աւազակը, կը յափշտակէ քու ողորմութիւնդ. մօտիկ են նենգողները՝ նենգելու եւ բարիքդ քեզմէ խլելու. շուրջդ ամբարիշտները կը շրջին եւ կը ջանան ի դերեւ հանել ջանքերդ եւ անվաստակ ձգել գործերդ։ Այս բոլորէն զգուշացի´ր երկիւղով, զգուշացի´ր իմաստութեամբ, զգուշացի´ր մարդահաճութեան աղտէն եւ սնափառութեանդ դեւէն, որպէսզի քու բարիքդ՝ չարիքի եւ լոյսդ՝ խաւարի չվերածեն՝ «որովհետեւ եթէ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար է՝ որչա՛փ եւս աւելի խաւարը» (Մտթ Զ. 22). որովհետեւ եթէ չարիքի վերածուի ողորմութիւնը, ապա չարիքներդ ի՛նչ պիտի ըլլան։ Ուստի եւ ծածկէ բոլոր քու ողորմութիւններդ եւ ինչպէս որ չես կամենար մեղքերուդ պղծութիւնները ցոյց տալ, այդպէս ալ ապաշխարութեանդ ողորմութիւնը ցոյց մի՛ տար, այլ ծածկէ ապաշխարութեանդ առաքինութիւնը, ինչպէս զազրելի մեղքերդ եւ ամէն ժամ ընդունելի կʼըլլայ քու ապաշխարութիւնդ, եւ մեղքերու թողութիւն կը գտնես։

Մարդոց հաճելի ըլլալու եւ սնափառութեան համար ընդունելութիւն մի´ ընէր եւ ի ցոյց մարդկանց ողորմութիւն մի´ տար աղքատներուն, չքաւոր աղքատները ընդունելու օրը մեծամեծներուն եւ ունեւորներուն նուէրներ մի բաշխեր եւ ոչ ալ հրաւիրէ զանոնք։ Աստուծոյ մի´ նուիրեր քու կալիդ կամ հնձանիդ խոտանը, ծուռ մի´ նայիր Եկեղեցւոյ կամ քահանաներուն տրուած պտուղներուն, որուն համար յանդիմանուեցաւ Կայէնը. մեր հօտի պարարտը եւ լաւը մեզի չձգենք, եւ ապա վատնու խոտանը մորթենք աղքատները եւ կարօտեալները ընդունելու օրը. ագահութեամբ, յափշտակութեամբ, անիրաւութեամբ հաւաքուած ունեցուածքէն աստուածային ընծաներ չմատուցանենք, որովհետեւ Աստուծոյ առջեւ պիղծ են բոլոր զրկողները եւ անոնց ինչքերը։ Եւ այս բոլորը կատարենք ըստ Աստուծոյ կամքին, որպէսզի Աստուած հաճի, ընդունի եւ մեղքերու թողութիւն շնորհէ մեզի։  Սրբութեամբ եւ անմեղութեամբ ապրինք եւ փառքով ու պատիւով երկինքը ժառանգենք եւ արժանանանք հասնելու խոստացուած բարիքներուն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով, Որուն կը վայելէ փառք եւ պատիւ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։”








All the contents on this site are copyrighted ©.