2016-09-09 08:13:00

Ափրիկեան ցամաքամասի ու Մատակասկարի Աստուածային Ողորմութեան մասին Գ Համագումարը


(Ռատիօ Վատիկան) 9-15 սեպտեմբեր 2016-ին Ռուանտայի Քիկալի քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Ափրիկեան ցամաքամասի ու Մատակասկարի Աստուածային Ողորմութեան մասին` Գ համագումարը որուն որպէս Քահանայապետի յատուկ նուիրակ կը մասնակցի Քինշասայի Թեմին Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Լորան Մոնսէնկուօ Փազինիան։

Համագումարի խորագիրն է ''Աստուածային ողորմութիւնը յոյսի աղբիւր Ափրիկէի մէջ նոր աւետարանութեան համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.