2016-09-07 11:02:00

''Ողորմութիւնը որ կը փրկէ'' Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 7 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով ողորմածութեան նիւթին մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց ''Ողորմութիւնը որ կը փրկէ'' նիւթին վրայ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Պապը, ունկնդրեցինք Մատթէոս Աւետարանիչէն հատուածը (Մատթ, 11, 2-6) որուն մէջ աւետարանիչը կ՛ուզէ որ խորաթափանցենք Յիսուսի խորհուրդին մէջ, հասկնալու համար անոր բարութիւնն ու ողորմութիւնը։

Դրուագը հետեւեալն է ''Յովհաննէս կարապետ իր աշակերտները կ՛ուղարկէ Յիսուսին մօտ անոր յստակ հարցում մը ուղղելու համար ''Դո՞ւն ես Ան որ պիտի գար, կամ ուրիշ մէկու մը սպասենք''։

Յովհաննէս անհանգստութեամբ կը սպասէր Մեսիային եւ իր քարոզներուն մէջ զայն կը ներկայացնէր որպէս դատաւոր մը որ պիտի հաստատէ Աստուծոյ արքայութիւնը եւ պիտի բիւրեղացնէ իր ժողովուրդը, բարիները վարձատրելով ու չարերը դատապարտելով։

Մինչ Յիսուս իր առաքելութիւնը սկսած էր տարբեր ոճով եւ Յովհաննէս կ՛ուզէր գիտնալ եթէ Ան է Մեսիան։

Յիսուսի պատասխանը եղաւ. ''Գացէք եւ պատմեցէք Յովհաննէսին, ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք. Կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լեսն, մեռելները յարութիւն կ՛առնեն եւ Աւետարանը կը քարոզուի աղքատներուն։ Եւ երանի անոր որ չի գայթակղիր իմ պատճառովս''։

Մեր Տէրը Յիսուս այս խօսքերով կը յայտնէ թէ Ինք Հօր Աստուծոյ ողորմութեան գործիքն է եւ թէ  կ՛ընդառաջէ բոլորին անոնց տանելով մխիթարութիւն ու փրկութիւն եւ այս ընելով կը յայտնէ Աստուծոյ դատաստանը։

Կոյրերը, կաղերը, բորոտներն ու խուլերը կը վերագտնեն իրենց արժանապատուութիւնը եւ այլեւս բացառուած չեն իրենց հիւանդութեան պատճառաւ։ Ահա այս է Յիսուսի վարուելակերպին համադրութիւնը­, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այս դէպքէն Եկեղեցւոյ ընդունած պատգամը շատ յստակ է. Աստուած իր Միածին Որդին չի ղրկեց պատժելու համար մեղաւորները ու ոչնչացնելու համար չարերը։ Այլ անոնց ուղղելու հրաւէր մը ապաշխարութեան, որպէսզի վերագտնեն վերադարձի ճամբան։

Արդարութիւնը զոր Յովհաննէս ընտրած էր որպէս առանցք իր քարոզութեան Յիսուսի մէջ կը յայտնուի նախ եւ առաջ որպէս ողորմածութիւն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, եւ ասոր համար է որ Յիսուս իր պատասխանին մէջ կ՛ընդգծէ ''երանի անոր որ չի գայթակղիր իմ պատճառովս'', այսինքն ան որ արգելք չունի հաւատալու ողորմութեան ներգործութիւններուն։

Յիսուսի այդ խօսերը այժմէական են նաեւ այսօր։ Ժամանակակից մարդն ալ Աստուծոյ պատկերներ կը կառուցէ որոնք արգելք կը հանդիսանան վայելելու Անոր իսկական ներկայութիւնը։ Ոմանք ''ինքնավար'' հաւատք մը կը ստեղծեն որ Աստուած կը սահմանափակէ իրենց յաւակնութիւններու ու ցանկութիւններու մէջ։ Ուրիշներ Աստուած կը դարձնեն կեղծ կուռք մը որպէսզի անոր անունը օգտագործեն ու արդարացնեն իրենց սեփական շահերը, նոյնիսկ ատելութիւնն ու բռնութիւնը։ Ուրիշներուն համար Աստուած միայն ''հոգեբանական'' մէկ նահանջ մըն է, մինչ ուրիշներ Քրիստոսը կը նկատեն որպէս բարի վարդապետ ու բարոյականի ուսուցիչ։ Ապա կան ոմանք որոնք հաւատքը կը վերածեն միայն Յիսուսի հետ մտերմիկ կապին, ոչնչացնելով այդ հաւատքի միսիոներական սլացքը։ Իսկ մենք Քրիստոնեաներս կը հաւատանք Յիսուս Քրիստոսի Աստուծոյն որուն կամքն է զարգանալ ու աճիլ անոր սիրոյ խորհուրդի մէջ։  

Յանձնառու ըլլանք ուրեմն խոչնդոտներ չդնելու Հօր ողորմութեան ներգործութիւններուն դիմաց­, այլ հայցենք վեհանձն հաւատքի պարգեւը` որպէսզի մենք եւս դառնանք նշաններ ու գործիքներ ողորմութեան։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն ակնարկելով անցեալ կիրակի օր` Քալքութայի Մայր Թերեզայի սրբադասման արարողութեան։ Սիրելի երիտասարդներ եղէք անոր նման ողորմութեան արհեստաւորներ, սիրելի հիւանդներ զգացէք անոր գթութեամբ լի մօտիկութիւնը, յատկապէս ''խաչի'' պահուն­, ու դուք սիրելի նորապսակներ խնդրեցէք անոր բարեխօսութիւնը որպէսզի ձեր ընտանիքներուն մէջ երբեք չպակսի տկարներուն նկատմամբ խնամքն ու ուշադրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.