2016-09-07 09:53:00

Հռոմի մէջ համագումար. Միջկրօնական երկխօսութիւնը իբր աղբիւր խաղաղութեան համար


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 7ի առաւօտեան ժամը 10.30ին, Հռոմի Ֆերրայոլի պալատին մէջ, կը բացուի Ողորմութեան Յոբելինական տարւոյն նուիրուած համագումար մը, որուն տիտղոսն է՝ «Ողորմածութիւն եւ հաշտութիւն. միջկրօնական երկխօսութիւնը իբր աղբիւր խաղաղութեան համար»։ Կազմակերպիչն է «Կրօնքներ խաղաղութեան համար» Իտալիոյ մասնաճիւղը։

Ձեռնարկը կը կատարուի «Յոբելինական Ցուցահանդէս»ի ծիրէն ներս, որ կը բովանդակէ արուեստի եւ լուսանկարներու ցուցահանդէսներ, ժողովներ, մշակութային հանդիպումներ, ցուցադրութիւններ պաստառի վրայ, համերգներ, արուեստի եւ հոգեւոր գրքերու ցուցադրութիւններ։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է  համալսարաններու եւ ուսումնասիրութեան կենդրոններու եւ արուեստի, երաժշտութեան եւ պարի ուսումնասիրութեան հիմնարկներու ողորմութեան յոբելեանի նշումի ծիրէն ներս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.