2016-09-07 09:25:00

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-Ի հարցախոյզին Թրամփ 2 տոկոսային կէտով կը գերազանցէ Քլինթընը:


«Սի.Էն.Էն.»-ի եւ «Օ.Առ.Սի. Ինթըրնեշընըլ»-ի կատարած հարցախոյզին արդիւնքներուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ երկու տոկոսային կէտով յառաջ անցած է Դեմոկրատական կուսակցութեան իր մրցակից Հիլըրի Քլինթընէն:

Արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Թրամփին ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ է հարցախոյզին մասնակիցներուն 45 առ հարիւրը, իսկ Քլինթընի` 43 առ հարիւրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.