2016-09-07 09:28:00

ԵԽԽՎ-ի մէջ Թուրքիոյ դէմ ստորագրահաւաք սկսած Է։


Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ ստորագրահաւաք սկսած է Թուրքիան հսկողութեան տակ գտնուող երկրի կարգավիճակին վերադարձնելու հարցով:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է ԵԽԽՎ-ի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ Սամուէլ Ֆարմանեան:

«ԵԽԽՎ-ի Մարդու իրաւունքներու եւ իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նիստին ընթացքին` Փարիզի մէջ, ստորագրահաւաք տեղի կ՛ունենայ… Թուրքիան պէտք է վերադարձնել իր նախկին կարգավիճակին` իբրեւ հսկողութեան տակ գտնուող երկիր` մեկնելով այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումներէն», գրած է Ֆարմանեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.