2016-09-07 09:47:00

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ զինուորներու հետ։


6 սեպտեմբերի Արցախի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամաս, ուր հանդիպում ունեցաւ հրամանատարական կազմին եւ զինուորներուն հետ:

Զօրամասին մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ու Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն դիմաւորեց եւ բարի գալստեան խօսքով ողջունեց Լեռնային  Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար զօրավար Լեւոն Մնացականեան:

Այնուհետեւ զօրքին իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Պահպանիչ աղօթքէն ետք վեհափառ հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց  զինուորներուն` ուրախութիւն յայտնելով Արցախ իր այցելութեան ծիրին մէջ պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն եւ հրամանատարներուն հետ հանդիպման կարելիութեան համար: «Եկած ենք մեր գնահատանքը եւ սէրը արտայայտելու ձեզի, նաեւ բերելու ձեզի մեր խոնարհումը ձեր իրագործած սխրանքներուն համար, որոնց մենք ականատես դարձանք ապրիլեան պատերազմի օրերուն, թէ ինչպիսի՛ քաջազունութեամբ դուք կասեցուցիք ազրպէյճանական զօրքերու յարձակումը, զանոնք շպրտեցիք մեր սահմաններէն: Մեր խոնարհումը կը բերենք քաջարի զինուորներուն` մեր ազգի հերոս զաւակներուն, որոնք իրենց կեանքով այդ օրերուն պաշտպանեցին մեր հայրենիքը: Թող երկինքէն միշտ լոյս եւ օրհնութիւն իջնէ անոնց շիրիմներուն: … Փա՛ռք ձեզի, հայոց բանակի քաջարի մարտիկներ: Վերստին, փա՛ռք ձեր ընկերներուն, որոնք կը հանգչին Արցախի եւ Հայաստանի նուիրական եւ սուրբ հողին մէջ», ըսաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Նշելով, որ հայրենիքի պաշտպանութիւնը սրբազան ծառայութիւն է ազգի իւրաքանչիւր զաւակի համար` վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատեց հաւատքի զօրացումը: «Հաւատքով է, որ մեր ժողովուրդը ունեցած է իր պատմութեան բոլոր յաղթանակները Վարդանանց պատերազմէն սկսեալ մինչեւ Սարդարապատ եւ  Արցախ: Արցախի մէջ ապրիլեան պատերազմի օրերուն մեր զինուորներուն մէջ մենք տեսանք այդ զօրեղ հաւատքի ճառագումը:

… Շնորհիւ յաղթական ոգիին եւ հաւատքին մեր զինուորները կրցան յաղթական դուրս գալ այդ պատերազմէն:

Սիրելինե՛ր, այս հողը սուրբ ու նուիրական է, որովհետեւ հոս ունինք նուիրական սրբութիւններ` դարերով կերտուած հաւատաւոր մեր զաւակներուն  կողմէ: Այս հողը սուրբ ու նուիրական է, որովհետեւ հոս թափուած է մեր պատուական զաւակներուն եւ մեր նախնիներուն քրտինքը եւ  նաեւ արիւնը: Այսօր դուք էք պաշտպանները այս նուիրական հայրենիքին: Այս սահմանները պէտք է անառիկ պահել` նուիրումով, հաւատքով եւ խիզախ հերոսական ոգիով, որ կը կրէք ձեր մէջ», աւելցուց վեհափառ հայրապետը:

«Դուք միշտ մեր աղօթքներուն մէջ էք, մենք կը սիրենք ձեզ: Ձեզ կը սիրէ ազգի իւրաքանչիւր զաւակ թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի հեռաւոր ափերուն մէջ: Մեր ազգը իր սիրով ու ոգիով, իր կարելիութիւններու ընծայաբերումներով եւ  յանձնառութիւններով միշտ ձեր կողքին է: Ձեզի հետ է նաեւ մեր եկեղեցին իր կարելիութիւններով ու կարողութիւններով, ինչպէս նաեւ իր սպասաւորներով»,  ընդգծեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը աղօթեց, որ միշտ յաղթական ըլլայ հայ զինուորին բազուկը, եւ Աստուած անվտանգ եւ բոլոր փորձութիւններէն հեռու պահէ երիտասարդները, որպէսզի, փառքով եւ պատուով աւարտելով իրենց ծառայութիւնը, վերադառնան իրենց ընտանիքներուն` ուրախութիւն պարգեւելով իրենց ծնողներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին:

Աւարտին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները զրոյց ունեցան զինուորներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.