2016-09-07 10:05:00

«Ամերիկան երկխօսութեան մէջ.Մեր հասարակաց տունը» խորագրով գիտաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) Աուկուսթինեանում Համալսարանի սրահին մէջ կազմակերպուած է «Ամերիկան երկխօսութեան մէջ. Մեր հասարակաց տունը» խորագրով գիտաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ տարւոյս սեպտեմբեր 7-8։

Գիտաժողովը կազմակերպուած է Պուէնոս Այրէսի Միջկրօնական Երկխօսութեան Հիմնարկի կողմէ, համագործակցութեամբ Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան, եւ հովանաւորութեամբ Միջկրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի։ Գիտաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ յիշեալ Քահանայապետական Խորհուրդի քարտուղար՝ Գերապայծառ Անճել Այուզօ Կիսօ, որ պիտի փոխանցէ Խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Ժան-Լուի Թուրանի ողջոյնը, եւ նաեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ կլոր սեղանի մը, որ կը քննարկէ «Գովեալ Լիցի շրջաբերականի տեսլականը հոգեւոր փորձառութիւններու մէջ»։

Սեպտեմբեր 8ին նախատեսուած է ունկնդրութիւն մը գիտաժողովի մասնակիցներուն համար՝ Սրբազան Քահանայապետին մօտ, ուր պիտի ընթերցուի գիտաժողովը ներկայացնող ծանօթութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.