2016-09-05 08:33:00

Ֆաթիմայի Տիրամօր յայտնութեան հարիւրամեակը


(Ռատիօ Վատիկան)  6-11 սեպտեմբեր 2016-ին, Ֆաթիմայի մէջ տեղի կ՝ունենայ Մարեմեան միջազգային համագումար, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ ներկայացուցիչ կարդինալ Խօսէ Սարաիվա Մարթինս՝ Սուրբերու դատի ժողովին երբեմնի կառավարիչը։ Համագումարին նիւթն է Ֆաթիմայի դէպքը 100 տարի վերջ։ 

Յայտնենք, թէ Ֆաթիմայի սրբավայրը կազմակերպած է զանազան ձեռնակներ, որոնց շարքին սրբավայրին պատմութեան ներկայացում ու պատգամներ, տօնախմբելու համար Ֆաթիմայի Տիրամօր յայտնութեան առաջին հարիւրամեակը (1917-2017)։








All the contents on this site are copyrighted ©.