Սեպտեմբեր 5-ին կը նշուի Բարեգործութեան միջազգային օրը:
Տօնը հիմնուած է 2012 թուականի Դեկտեմբեր 17-ին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 67-րդ նստաշրջանի ընթացքին: Որոշումը հաւանութեան արժանացած է 2013-ի Մարտ 7-ին, կը գրէ News.am-ը:
Նման տօն հիմնելու միջնորդութեամբ հանդէս եկած է Հունգարիան, իսկ ամսաթիւը նուիրուած է Մայր Թերեզայի մահուան տարելիցին, որ 1979 թուականին խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ ստացած է: Հնդկաստանի մէջ անոր գործունէութիւնը խթան հանդիսացած է աշխարհի մէջ բարեգործութեան զարգացման եւ աղքատութիւնը վերացնելու համար:
All the contents on this site are copyrighted ©. |