2016-09-04 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կամաւորներու աշխարհը յանձնեց Մայր Թերեզայի հովանիին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 4 սեպտեմբեր 2016-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած Մայր Թերեզաի  Սրբադասման արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկսոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն առթիւ արտասանած խօսքին մէջ յատուկէն ողջունեց արարողութեան բոլոր մասնակցողները ու յատկապէս Գթութեան Միսիոնարներու միաբանները որոնք, ըսաւ ան, Մայր Թերեզայի Հոգեւոր Ընտանիքն են մաղթելով որ Միաբանութեան Սուրբ Հիմնադիրը հսկէ անոնց ուղեւորութեան վրայ ու անոնց համար ընդունի շնորհքը ըլլալու միշտ հաւատարիմ Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ աղքատներուն։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց արարողութեան մասնակցող Պետական Իշխանութիւններու պատուիրակութիւններն ու տարբեր երկիներէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց կամաւորներուն որոնք ինչպէս յայտնեցինք այս օրերուն Հռոմի մէջ նշեցին իրենց Ողորմութեան Յոբելեանը զանոնք յանձնելով Մար Թերեզայի հովանիին որպէսզի իրենց սորվեցնէ ամէն օր պաշտամունք կատարել խաչեալ Յիսուսին ու զայն ճանչնալ ու անոր ծառայել կարիքաւոր եղբայրներուն մէջ։ Այս շնորհքը կը խնդրենք նաեւ բոլոր անոնց որոնք աշխարհի զանազան վայրերէն մեզի հետ կապուած են լրատուամիջոցներու միջոցաւ­, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքին աւարտին յիշեց բոլոր այն կրօնաւորները որոնք կ՛ապրին ու իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն դժուար ու վտանգաւոր միջավայրերու մէջ, իրենց կեանքը նուիրելով իրենց եղբայրներուն ու հրաւիրեց աղօթել Սպանացի Քոյր Իզապելին համար որ երկու օրեր առաջ սպաննուեցաւ Հայիթիի մէջ, մաղթելով որ այդ երկրին մէջ դադրին բռնութիւնները ու բոլորին տրամադրուի աւելի մեծ ապահովութիւն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեց նաեւ բոլոր կրօնաւորուհիները որոնք բռնութեան թիրախ դարձան այլ երկիրներու մէջ ու հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու Աստուածամօր` բոլոր սուրբերուն Մայր ու Թագուհի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.