2016-09-04 08:50:00

Մայր Թերեզայի սրբադասման առթիւ 1500 աղքատներ կը հիւրընկալուին Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետի Ողորմնաբաշխ Գերապայծառ Քոնրատ Քրայեւսքիի հրատարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ այսօր 4 սեպտեմբեր 2016-ին, Սրբազան Քահանայապետը 1500 աղքատներուն կը նուիրէ կէսօրուայ ճաշը (Նափոլեթանական Փիցցա) որ տեղի պիտի ունենայ Պօղոս Զ անուան սրահի գաւիթին մէջ Քալքութայի Երանելի Մայր Թերեզայի սրբադասման արարողութեան աւարտին։

Կարիքաւոր ու աղքատներէ կազմուած այս հիւրերը որոնք մեծամասնութեամբ  հիւրընկալուած են Մայր Թերեզայի կեդրոններուն մէջ ժամանած են համայն Իտալիայէն իրենց տրամադրուած հանրակարգերով ու իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ սրբադասման արարողութեան։

Ճաշի ընթացքին պիտի ծառայեն Մայր Թերեզայի ''գթութեան միսիոնարներու'' միաբանութեան 250 քոյրեր եւ այլ 50 քահանաներ ու զանազան կամաւորներ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.