2016-09-03 08:20:00

Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս Ֆութպոլի խաղ Հռոմի մարզադաշտին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, Հռոմի  ՝՝Օլիմփիքօ՝՝ մարզադաշտին մէջ , շաբաթ, 3 սեպտեմբեր 2016-ին՝ երեկոյեան ժամը 6,30-ին, տեղի կ՝ունենայ  բարեկամական Ֆութպոլի խաղ մը Արժանթինի Սան Լորնեցօ Տէ Ալմակրօ՝ Ֆրանչիսկոս Պապի շատ սիրելի  խումբին եւ Հռոմի  ֆութպոլի խումբերուն միջեւ։

Հռոմի Ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուած է, թէ, վերոյիշեալ երկու խումերու միջեւ Ֆութպոլի խաղը կազմակերպուած Է ընտանիքի տօնին առթիւ ՝ նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական նոր Աւետարանացման խորհուրդին։

Հռոմի Ֆութպոլի խաղցողներու  տարազներուն վրայ պիտի ցուցադրուին Ողորմութեան Սուրբ Տարուան նշանաբանը։

Նշենք, թէ Հռոմի մարզադաշտին մէջ  կէսօրուան ժամէն սկսեալ տեղի պիտի  ունենան զանազան ձեռնակներ լուսարձակի տակ առնելու համար մարզանքի եւ ընտանիքի արժէքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.