2016-09-03 10:46:00

Մայր Թերեզայի իմաստալից խօսքերէն վկայութիւններ։


Այն բարիքը, որ այսօր կը գործես, վաղն արդէն պիտի մոռցուի։ Սակայն եւ այնպէս՝ շարունակէ բարիք գործել։

Ուժասպառ ըլլալը մեզի կ՛օգնէ, աւելի լաւ աղօթելու։ Հանդարտ վիճակը հոգիէն կը վանէ սարդոստայնները։

Քու օգնութեանդ կարիքը կայ՝ սակայն մարդիկ թերեւս քու վրադ կը յարձակին, երբ իրենց կ՛օգնես. հակառակ ասոր՝ օգնէ՛ անոնց։

Լռութեան պտուղը՝ աղօթքն է։ Աղօթքի պտուղը՝ հաւատքն է։ Հաւատքի պտուղը՝ սէրն է։ Սիրոյ պտուղը՝ ծառայելն է։ Ծառայելու պտուղը՝ խաղաղութիւնն է։

Ներկայիս, խաղաղութեան մեծագոյն կործանիչը՝ վիժումն է, որովհետեւ ան ուղղակիօրէն կատարուած պատերազմ մըն է, սպանութիւն, մարդասպանութիւն՝ ինքնին մօր ձեռքով։ Հնդկաստանի եւ Ափրիկէի մէջ մեծ թիւով երեխաներ կը մահանան, գուցէ սնունդի պակասի, անօթութեան եւ այլ պատճառներով. սակայն այնտեղ բազմաթիւ մարդիկ իրենց զաւակներուն շատ հոգ կը տանին։ Մինչ զարգացած երկիրներու մէջ միլիոններ կը մահանան իրենց մօր կամքով։

Ծայրայեղ առանձնութիւնը, որուն բազմաթիւ մարդիկ ենթակայ են հարուստ երկիրներու մէջ՝ աւելի գէշ է քան բորոտութիւնը։

Աշխատանքի ժամանակ կրնաս աղօթել։ Աշխատանքը աղօթքին արգելք չէ, եւ ոչ ալ աղօթքը աշխատանքին։

Պիտի տեսնես, վերջիվերջոյ ամէն ինչ քու եւ Աստուծոյ միջեւ է. ոչ թէ քու եւ մարդոց միջեւ։

Իսկական բարեկամութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է։

Ուրախ սիրտ մը յառաջ կու գայ միայն այն սրտէն, որ սիրով կը բոցավառի։

Ընտանիք մը, որ միասին կ՛աղօթէ՝ նաեւ կը մնայ միասին։

Առանձնութիւնը եւ անբաղձալի ըլլալու զգացումը ամենէն գէշ աղքատութիւնն է։

Նշանակութիւն չունի թէ ի՛նչ կ՛ընենք, կամ ի՛նչ քանակութեամբ կʼընենք. այլ թէ ո՛րքան սէր կը դնենք մեր կատարածին եւ գործին մէջ, որ Աստուած մեզի վստահած է։

Շատ մարդիկ կան, որոնք մեծ բաներ կրնան ընել։ Սակայն քիչ մարդիկ կան, որոնք կ՛ուզեն փոքր բաները ընել։

Կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ կ՛ըսենք, այլ թէ ի՛նչ Աստուած մեզի՛ կ՛ըսէ եւ մեր միջոցաւ ըսել կ՛ուզէ։

Խաղաղութիւնը կը սկսի ժպիտով մը։ Օրը հինգ անգամ ժպտէ անձի մը, որուն երբեք չես ուզեր ժպտիլ։ Կատարէ այդ՝ խաղաղութեան սիրոյն։

Խաղաղութիւն կը նշանակէ՝ մի՛ ըլլալ Աստուծոյ հետ։ Քրիստոս Աստուծոյ խաղաղութիւնն է։ Իմ կեանքս Անոր տուած եմ եւ ճանչցած եմ՝ թէ որքան աւելի Քրիստոսի հաւատամ, այնքան աւելի կը հասկնամ՝ թէ Ան է խաղաղութիւնը։

Մանուկներու համար եւ ընտանիքներու մէջ աղօթելը անհրաժեշտ է։ Սէրը կը սկսի տունէն եւ ասոր համար կարեւոր է, որ ընտանիքի անդամները միասին աղօթեն։ Երբ միասին աղօթէք, միասին պիտի մնաք եւ զիրար այնպէս պիտի սիրէք՝ ինչպէս Աստուած ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը սիրէ։

Աստուած մեզ յաջողութեան չկոչեց, այլ հաւատարմութեան։

Ես լոկ փոքր թել մըն եմ. Աստուած հոսանքն է։

Աստուած աղքատութիւնը չստեղծեց. Ան միայն մեզ ստեղծեց։

Անդրադարձայ, որ բոլոր դժուարութիւններու արմատը աղօթքի անտեսումն է։ Ընկերութիւնը նորոգելու առաջին քայլը պէտք է աղօթքով սկսի։

Երբեք Մարդոց զանգուածներու հոգ չեմ տանիր, այլ անհատներու։ Եթէ նկատի առնեմ զանգուածները՝ երբեք գործի պիտի չլծուիմ։

Ամէն անգամ, որ ուրիշներուն սէր կը փոխանցես, խաղաղութիւն պիտի զգաս՝ քու եւ ուրիշներուն մէջ։

Որքան աւելի լռութեամբ կատարուած աղօթքի մէջ խորանանք, այնքան աւելի արդիւնք կու տանք մեր գործնական կեանքին մէջ։

Մանուկներ Աստուծոյ գեղեցկագոյն նուէրներն են։ Իւրաքանչիւր մանուկ իրաւունքն ունի աշխարհ գալու՝ ըլլա՛յ ան բաղձալի կամ ոչ։

Թոյլ մի տաք, որ այնքան հոգերով լեցուիք, որ յարուցեալ Քրիստոսի ուրախութիւնը մոռնաք։

Մարդիկ շատ անգամ աննախատեսելի են, անտրամաբանական եւ եսակենդրոն։ Պարզապէս ներէ անոնց։

Կը նախընտրեմ, որ սխալներ գործէք՝ բայց ըլլաք բարեացակամ, քան հրաշքներ գործէք եւ ըլլաք անբարեացակամ։








All the contents on this site are copyrighted ©.