2016-09-03 11:15:00

Կամաւորներու Յոբելեանին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին Յոբելենական հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն  ծիրէն ներս` 2 սեպտեմբերէն մինչեւ  4 սեպտեմբեր, Հռոմի ու Վատիկանի մէջ կը նշուի Կամաւորներու ու Ողորմածութեան գործիչներու ողորմութեան յոբելեանը, աւելի քան 24 հազար կամաւորներու մասնակցութեամբ, որոնք շաբաթ 3 սեպտեմբերի առաւօտեան համախմբուած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մասնակցելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս ամսական շաբաթօրեայ հրապարակային ունկնդրութեան։

Նախ քան Սրբազան Քահանայապետին ժամանումը հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական բաժին երգեցողութիւններով, վկայութիւններով ու աղօթքի պահերով ապա` 10.30-ին,  Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց հրապարակ ու իր սովորութեան համաձայն հաւատացեալներուն միջեւ շրջան կատարելէ ետք բարձրացաւ հրապարակի վրայ զետեղուած ունկնդրութեան յատկացուած ամպիոն եւ այնտեղէն ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ունկնդրեցինք Պօղոս Առաքեալի կորընթացներուն ուղղած սիրոյ գովքը որ մեր հաւատքի ամենէ գեղեցիկ ու յանձնառու էջերէն մին կը կազմէ (Ա. Կորընթ. 13, 1-13)։

Ս. Պօղոս կը հաստատէ թէ հաւատքէն ու յոյսէն ի տարբերութիւն սէրը յաւերժական է։ Այս ուսուցումը մեզի համար անտարակուսելի փաստ մըն է` Աստուծոյ սէրը երբեք պիտի չի պակսի մեր կեանքէն ու աշխարհի պատմութենէն։ Սէր մըն է որ միշտ երիտասարդ է, ցայտուն ու գործօն, սէր որ կը հրապուրէ. Հաւատարիմ սէր մը որ չի դաւաճաներ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ ''մենք ամէնքս վկայ ենք այդ սիրոյն'' ու մէջբերեց Սուրբ Պօղոսի խօսքերը ''եթէ սէր չունենամ` ոչինչ եմ '' ապա հրաւիրեց թոյլ տալ որ Աստուծոյ սէրը  ողողէ մեզ որպէսզի մեր կեանքը վերակենդանանայ եւ որպէսզի կարենանք ըսել ''ես սիրուած եմ` ուստի գոյութիւն ունիմ''։

Սէրը որուն մասին կը խօսի առաքելը տեսլական ու պղտոր իրականութիւն մը չէ, ընդհակառակը` ան տեսանելի է, անոր կը դպչինք ու զայն կը փորձարկենք անձնապէս։ Եւ այդ սիրոյն ամենամեծ ու արտայայտիչ ձեւը նոյնինքն Յիսուսն է, որուն բոլոր կեանքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Աստուծոյ սիրոյ յայտնութիւնը մինչեւ լրումը` ''Քրիստոսի մահը մեզի համար''։

Գողգոթայէն ուր Աստուծոյ Որդոյն տառապանքը կը հասնի իր գագաթնակէտին կը բխի սիրոյ ակնաղբիւրը որ կը ջնջէ ամէն մեղք ու  նոր կեանք կը պարգեւէ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ''Մեր հետ տանիլ այս վստահութիւնը թէ Քրիստոս զիս սիրեց ու ինծի համար ինքզինք նուիրեց, առ այդ ոչ մի բան եւ ոչ մէկը կարող է մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն''։

Այս հաւատքի հիմնական իրողութեան դիմաց Եկեղեցին կարող չէ վարուիլ այնպէս ինչպէս ըրին քահանան ու ղեւտացին, ճամբուն եզերքը գտնուող` աւազակներէն կողոպտուած մարդուն հետ։ Եկեղեցին չի կրնար ի հայեացքը այլուր դարձնել չտեսնելու համար աղքատութեան տարբեր ձեւերը` որոնք ողորմութիւն կը հայցեն։ 

Եկեղեցւոյ ու քրիստոնեայի համար արժանավայել չէ անցնիլ ու հեռանալ ու կարծել թէ մեր խիղճը հանգիստ է որովհետեւ կ՛աղօթենք։ Գողգոթան միշտ այժմէական է, շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը­, հաստատելով թէ այսօր եւս Աստուծոյ անհուն սէրն ու ողորմութիւնը մարդկային թշուառութեան նկատմամբ մեզ կը մղէ ողորմածութեան նոր նշաններ պարգեւելու։

Պիտի չի յոգնիմ կրկնելէ թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը միայն գեղեցիկ գաղափար մը չէ այլ շօշափելի ներգործութիւն - յարեց Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէսի խօսքերը ''Որդեակներ, չենք սիրեր ոչ խօսքերով եւ ոչ ալ լեզուով այլ գործերով ու ճշմարտութեան մէջ։ Ասոր համար ողորմութեան ճշմարտութիւնը կը յայտնուի առօրեայ ներգործութիւններու մէջ որոնք տեսանելի կը դարձնեն Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ հաստատեց Ֆրանչիսկոս ու խօսքը ուղղելով հրապարակին վրայ համախմբուած կամաւորներուն ըսաւ.

''Աշխարհի կամաւորները ներկայացնող սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Եկեղեցւոյ ամենաթանկագին իրողութիւններէն մին էք դուք` որ ամէն օր ու յաճախ լռութեան մէջ ու ծածուկ, ձեւ ու  տեսք կու տաք ողորմութեան։

Դուք կ՛արտայայտէք մարդու սրտին ամենագեղեցիկ իղձերը, այն է` տառապող անձին ցոյց տալ որ սիրուած է։ Ձեր ներկայութիւնը կը յայտնէ Քրիստոսի երկարած ձեռքը որ կը հասնի բոլորին։ Եկեղեցւոյ արժանահաւատութիւնը կը յայտնուի ձեր ծառայութիւններու ընդմէջէն` լքուած մանուկներուն, հիւանդներուն, տնանկ ու անօթի աղքատներուն, տարեցներուն, բանտարկեալներուն, փախստական ու գաղթականներուն ու բնական աղէտներու թիրախ անձերու նկատմամբ։

Այնտեղ ուր օգնութեան կարիք մը կայ այնտեղ կը հասնի ձեր գործօն ու անշահախնդիր վկայութիւնը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու քաջալերեց ներկաները ''միշտ պատրաստ ըլլալ զօրակցութեան, արի մօտիկութեան մէջ, ջանասէր ուրախութիւն հրահրելու ու համոզիչ մխիթարութեան մէջ''։

Աշխարհը կարիք ունի զօրակցութեան  շօշափելի նշաններու, յատկապէս անտարբերութեան  փորձութեան դիմաց, ու կը կարօտի մարդոց որոնք իրենց կեանքով կարող են հակազդել եսասիրութեան - ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու զանոնք հրաւիրեց ըլլալ միշտ ուրախ ու երջանիկ իրենց ծառայութեան  մէջ ու չհպարտանալ այդ գործերով։

Ընդհակառակը իրենց այդ ողորմածութեան գործը ըլլայ Յիսուս Քրիստոսի հեզ ու խօսուն ողորմութեան շարունակութիւնը։

''Սէրը արդարեւ կը կառուցէ եւ օրէ օր մեր հասարակութիւններուն թոյլ կու տայ ըլլալու եղբայրական հաղորդութեան նշան'', ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց յայտնելով թէ ''վաղը ուրախութիւնը պիտի ունենանք տեսնելու Մայր Թերեզան Սուրբ հռչակուած''։

''Մենք եւս ընդօրինակենք այդ մարդոց ու կիներու օրինակը որոնք իրենց սրբութեամբ տեսանելի դարձուցին Քրիստոսի սէրը ու հայցենք դառնալ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ հեզ գործիքները, աշխարհի տառապանքները մեղմացնելու համար ու աշխարհին տալու Յարութեան ուրախութիւնն ու յոյսը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.