2016-09-02 13:44:00

Տիարպեքիրի հայկական Կաթողիկէ եկեղեցին պիտի վերակառուցուի


Այժմեան Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի Սուր շրջանին մէջ գտնուող հայկական կաթողիկէ եկեղեցին պիտի վերակառուցուի: Այս մասին կը յայտնէ պոլսահայ «Ակօս»  թերթը:

Անցեալ տարի Սուրի մէջ տեղի ունեցած երկարատեւ զինուած բախումներու ընթացքին՝ հայկական կաթողիկէ եկեղեցին լրջօրէն վնասուած էր, հասարակական կայքերու մէջ տարածուած լուսանկարներով կ՝երեւէր, որ կառոյցը գրեթէ կիսաքանդ վիճակի մէջ է:

Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը Սուրի մէջ գտնուող եւ բախումներէն տուժած 11 պատմական կառոյցի համար մշակած է վերականգնման աշխատանքներու ծրագիր: Նախագիծին ծիրէն ներս՝ կը ծրագրուի նաեւ հայկական կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերակառուցումը, որուն աւարտը նախատեսուած է  2018-ին: Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները պիտի ղեկավարէ Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը, որուն ներկայիս կը պատկանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքը:

եկեղեցւոյ տարածքին արդէն սկսած են նախապատրաստական աշխատանքները,  տարածքը կը մաքրուի եւ կը բարեկարգուի:

2013-ին եւս Սուրի հայկական եկեղեցին վերանորոգուած էր, որմէ ետք կ՝օգտագործուէր իբրեւ գորգերու արհեստանոց: Խօսակցութիւններ կան, որ այս անգամ վերակառուցումէն ետք կառոյցը կրկին կրնայ վերածուիլ եկեղեցւոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.