2016-09-02 08:25:00

Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Ափարեսիտա Տիրամօր արձանի զետեղում


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 3 սեպտեմբեր 2016-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ,  Ափարեսիտա թեմի եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Պրազիլի դեսպանատան միացեալ նախաձեռնութեամբ բացումը կը կատարուի Ափարեսիտա Տիրամօր արձանին։   Տիրամօր պղինձէ արձանի քանդակագործն է  Պրազիլցի արուեստագէտ մը։  Արձանը կը  ներկայացնէ նաւ մը, որուն  մէջ երեք ձկնորսներ իրենց ձեռքերու մէջ կրած են  ուռկան մը, որուն մէջ  կը գտնուի Ափարեսիտա Տիրամօր պատկերը, որ կը համապատասխանէ 1717-ին յայտնաբերուած Տիրամօր պատկերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.