2016-09-02 09:21:00

Բերիոյ Հայոց թեմի Հալէպի ազգային վարժարաններու 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանը անվճառ


Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին վի­ճակ­ուած տագ­նա­պա­լի հինգ տա­րի­նե­րուն, հա­կա­ռակ հեր­թա­բար բազ­մա­ցող դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազգ. Իշ­խա­նու­թիւնը առա­ւել յանձ­նա­ռու­թեամբ հե­տա­մուտ եղաւ կան­գուն պա­հելու ազ­գա­յին բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը եւ յատ­կա­պէս կր­թա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը:

Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի ամ­բողջ տա­րած­քին, կր­թա­կան մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ի բա­ցառ­եալ օրի­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հա­կակշ­ռէն դուրս մնա­ցած շր­ջան­նե­րէն, շա­րու­նա­կե­ցին իրենց նուի­րա­կան առա­քե­լու­թիւնը յար­մա­րա­գոյն լու­ծում­նե­րով:

Հա­լէ­պի մէջ, ուր կը գտն­ուի մեր ազ­գա­յին կր­թա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ճն­շող մե­ծա­մաս­նու­թիւնը, ուր եւ տագ­նա­պի հե­տե­ւանք­նե­րու ամ­բողջ ծան­րու­թիւնը կը տի­րէ, մեր յանձ­նա­ռու­թիւնը հս­կա­յա­կան ճիգ եւ նիւ­թա­բա­րո­յա­կան ներդ­րում պա­հան­ջեց:

Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր եւ իրե­րա­յա­ջորդ Ազգ. վար­չու­թիւն­նե­րու տնօ­րի­նու­մով, ազգ. վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կեր­տու­թեան ծնող­նե­րուն ըն­ծայ­ուե­ցան հնա­րա­ւոր դիւ­րու­թիւն­ներ, մաս­նա­կից դառ­նա­լու կր­թա­կան գոր­ծի շա­րու­նակ­ման անհ­րա­ժեշտ ծախ­սե­րուն:

Այ­սօր կա­րե­լի է յայ­տա­րա­րել, որ մաս­նա­ւո­րա­բար Հա­լէ­պի ազգ. վար­ժա­րան­նե­րու 2012-2013, 2013-2014, 2014-2015, 2015-2016 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջան­նե­րը իրա­կա­նա­ցան շնոր­հիւ ՍՇՕՎՄ-ին, ՀՕՄ-ին եւ Գ. Կիւլ­պէնկ­եան Հիմ­նար­կու­թեան օժան­դա­կու­թիւն­նե­րուն, բայց յատ­կա­պէս նոր հիմն­ուած Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի «Դպ­րոց» հիմ­նադ­րա­մին, որ գո­յա­ցած է ան­հա­տա­կան, հա­ւա­քա­կան, միու­թե­նա­կան ու թե­մա­կան նիւ­թա­կան աջակ­ցու­թիւն­նե­րով:

Նա­խա­գա­հու­թեամբ Թե­միս Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նին, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւնը անց­նող ամիս­նե­րուն, հա­մընդ­հա­նուր քն­նու­թեան են­թար­կե­լէ ետք մեր կր­թա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու առա­քե­լու­թեան ան­խա­փան շա­րու­նա­կու­մը խո­չըն­դո­տող խն­դիր­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­բար Հա­լէպ քա­ղա­քի իրա­վի­ճակն ու հե­տե­ւանք­նե­րը, սահ­մա­նադ­րա­կան իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ կը յայ­տա­րա­րէ 2016-2017 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը Հա­լէ­պի Ազգ. վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար ԱՆՎ­ՃԱՐ:

Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազգ. Վար­չու­թիւնը իր այս որո­շու­մով, թէ­եւ ծան­րա­գոյն յանձ­նա­ռու­թեան տակ պի­տի գոր­ծէ, սա­կայն յու­սադր­ուած է, որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րը պի­տի զօ­րակ­ցին իրեն:

Արդ, կը թե­լադ­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն, այժ­մէն իսկ ներ­կա­յա­նալ ազգ. վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թիւն­նե­րուն (ման­կա­պար­տէզ, նա­խակր­թա­րան, միջ­նա­կարգ եւ երկ­րոր­դա­կան) եւ 2016-2017 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի հա­մար ար­ձա­նագ­րել իրենց զա­ւակ­նե­րը:

Ազ­գին զօ­րու­թիւնը սե­րունդ­նե­րու առողջ դաստ­ի­ա­րա­կու­թեամբ պայ­մա­նա­ւոր­ուած է:

Օգ­նե՛նք հայ դպ­րո­ցին:

Դիւան

Ազգ. Առաջնորդարանի

Հալէպ, 1 Սեպտեմբեր 2016

 








All the contents on this site are copyrighted ©.