2016-09-01 11:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը ''Արարչութեան խնամակալութեան աղօթքի համաշխարհային օր''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 1 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Չիլիի հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպան Տիար Ֆրանսիսքօ Մարիանօ Ֆերնանտեզ Ամունադէկին, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ ապա յաջորդաբար ընդունեց Գերապայծառ Ռինօ Պասսիկաթօ` Փորթուկալի մօտ առաքելական նուիրակ, գերապայծառ Չելեսթինօ Միլիորէ, Ռուսիոյ դաշնակցութեան մօտ առաքելական նուիրակ, Գերապայծառ Ճորճօ Լինկուա` Քուպայի մօտ առաքելական նուիրակ, գերապայծառ Նիքոլա Հէնրի Մարի Տոնիս Թեւենին` Կուաթեմալայի մօտ առաքելական նուիրակ ապա Հայր Ֆրետերիք Ֆորնոս`  Աղօթքի առաքելութեան ընդհանուր պատգամաւոր։

Իսկ յետմիջօրէի ժամը 5-ին Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ. Արարչութեան Խնամակալութեան աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ կը հանդիսապետէ ժամասացութեան արարողութեան։ ''Արարչութեան խնամակալութեան աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած է պատգամ մը  ''Ողորմածութիւն գործածենք մեր հասարակաց տան նկատմամբ'' բնաբանով։

Նշենք թէ Արարչութեան խնամակալութեան ի սպաս աղօթքի համաշխարհային օրը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ, 10 օգոստոս 2015-ին, եւ ունի Էքումենիք - համամիութենական- բնոյթ­, տրուած ըլլալով որ այդ օրը կը նշուի օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.