2016-09-01 11:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Արարչութեան աղօթքի համաշխարհային օրուայ պատգամի ներկայացում։


 (Ռատիօ Վատիկան) Սեպտեմբեր մէկին կը նշուի Արարչութեան խնամակալութեան ի սպաս աղօթքի համաշխարհային օրը հաստատուած  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։

Այս առթիւ առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Փիթեր Քոտվօ Ափիա Թուրքսոն, Քրիստոնեաներու Միութեան զարգացումի Քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Պրայան Ֆարրել եւ` ''The Guardian of Mercy'' գիրքին հեղինակ Տիար Թերենս Ուարտի ներկայացուցին Սրբազան Քահանայապետին Արարչութեան աղօթքի համաշխարհային օրուայ առթիւ հրապարակած պատգամը որուն բնաբանն է ''Ողորմածութիւն գործածենք մեր հասարակաց տան նկատմամբ''։

Իր ելոյթին մէջ Կարդինալ Թուրքսոն նշեց թէ անցեալ տարի ''Գովեալ լիցի'' շրջաբերական թուղթի ներկայացումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ հետեւելով օրթոտոքս եղբայրներու եւ քոյրերու բարի օրինակին հաստատեց ''Արարչութեան խնամակալութեան աղօթքի համաշխարհային օրը'', որպէսզի միացած քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ու այլ կրօնի պատկան հաւատացեալներուն գործենք ի սպաս հասարակաց տան։

Ֆրանչիսկոս Պապ  այդ աղօթքի օրը հռչակելով ուզեց հաւատացեալներուն ու հասարակութիւններուն նուիրել առիթ մը վերանորոգելու իրենց յարումը` արարչութեան պահապան ըլլալու կոչումին, Աստուծոյ բարձրացնելով գոհաբանական աղօթք այն սքանչելիքներուն զոր վստահեցաւ մեր խնամքին ու խնդրելով բարձրեալին օգնութիւնն ու պաշտպանութիւնը ինչպէս նաեւ Անոր ողորմածութիւնը ի տես մեղքերուն զոր կը գործենք կենսոլորտին դէմ, ըսաւ Կարդինալ Թուրքոսն հաստատելով թէ այս է նաեւ տեսակէտը որ պարունակուած է Ֆրանչիսկոս Պապին Արարչութեան Աղօթքի օրուան առթիւ յղած առաջին պատգամին մէջ, Ողորմութեան Յոբելեանի այս տարւոյն ծիրէն ներս։

Մենք մարդ էակներս կանչուած ենք ողորմութիւն ցուցաբերելու մեր հասարակաց տան նկատմամբ ու ճանչնալու մեր արարչութեան դէմ գործած մեղքերը ու փոխելու մեր կեանքի ընթացքին Աստուծոյ ողորմածութեան պարգեւի շնորհքով։ Այս առընչութեամբ առաջին քայլը ըլլալու է խոնարհաբար ընդունիլ ապականութեան միջոցաւ երկրին հասցուցած մեր չարիքը, բնութեան համակարգի ամօթալի ոչնչացումը, կենսաբազմազանութեան կորուստը ու կլիմայի փոփոխութեան ուրուականը` որ տարիէ տարի միշտ աւելիով վտանգաւոր կը դառնայ։ Հարկաւոր է ուրեմն հասկանալ թէ երբ երկրին վնաս կը հասցնենք, չարիք կը հասցնենք նաեւ աղքատներուն որոնք անսահման օրէն սիրուած են Աստուածէ։

Այս կը նշանակէ  խղճի քննութիւն կատարել ու զղջալ նոյնիսկ եթէ մինչեւ օրս այս մէկը չենք նկատած եւ ճանչցած որպէս մեղք - ըսաւ Կարդինալ Թուրքսոն մատնանշելով թէ պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել կու տայ թէ ''մաս կը կազմենք համակարգի մը որ շահի տրամաբանութիւնը կը բանեցնէ առանց մտածելու ընկերային բացառումին կամ բնութեան կործանումին'', ասոր համար հարկաւոր է զղջալ ու փոխել մեր ընթացքը­, ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական ու պետական գետնի վրայ, սկսեալ ամէնօրեայ վարուելակերպէն, բարի օրինակ հանդիսանալով ուրիշներուն ''զղջումի ու դարձի'' միջոցաւ` ի նպաստ բնապահպանումի ։ Այս ընթացքը որդեգրելու են նաեւ ոչ միայն անհատները այլեւ տնտեսագէտներն ու քաղաքական գործիչները, հեռու մնալով եսասէր շահերէն ու իրենց մտածումը կեդրոնացնելով հասարակաց բարիքի վրայ։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը կը գնահատէ Փարիզի մէջ գումարուած կլիմայական փոփոխութիւններուն հայող խորհրդաժողովի ընթացքին առնուած որոշումները թէեւ կը շեշտէ թէ այդ որոշումները ի գործ դնելու համար հարկաւոր է քաղաքական վճռակամութիւն ու տնտեսական աշխարհի կողմէ հերոսական յանձնառում ։

Նորին Սրբութիւնը ապա կ՛ընդգծէ թէ Փարիզի խորհրդաժողովին առաջարկները կը կարօտին բոլորին պատասխանատուութեան հոգիին ու թէ հարկաւոր է որ քաղաքացիները պահանջատէր ըլլան համաձայնութեան իրագործումին, ապա յոյս յայտնելով որ այդ փոփոխութիւնը իրականան մեր կեանքէն ու իշխանութիւններու կեանքէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւէր կ՛ուղղէ գործելու ողորմածութեամբ ու ողորմութիւն ցուցաբերելու մեր հասարակաց տան խնամքին մէջ.

Կարդինալ Թուրքսոն իր ելոյթը աւարտեց հաստատելով թէ Քահանայապետին պատգամը շարունակութիւնն է ''Գովեալ լիցի'' շրջաբերականի ուսուցումին­, ուղեցոյց մը որ մեզի կը սորվեցնէ այդ ուսուցումները իրականացնել մեր կեանքին մէջ։

Պատրա՞ստ ենք համապատասխանելու Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին ու այդ հրաւէրէն յառաջացած մարտահրաւէրներուն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.