2016-09-01 10:05:00

Մինսքի խմբակի համանախագահները 8 սեպտեմբերին հանդիպում պիտի ունենան Մոսկուայի մէջ


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 8 սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով խորհրդակցութիւններ պիտի ունենան:

Զախարովա նշած է, որ ծրագրուած է համանախագահներու հանդիպումը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարութեան հետ:

«Պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման այժմէական հարցերը: Կ՛ենթադրուի, որ յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի համաձայնութիւններու գործադրման, որոնք ձեռք բերուած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման վեհաժողովներուն ընթացքին` 16 մայիսին Վիեննայի մէջ եւ 20 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ», ըսած է Մարիա Զախարովա:

Ան նաեւ նշած է, որ խօսքը ծրագրային խորհրդատուութիւններու մասին է, որոնք պարբերաբար կը կատարուին Ուաշինկթընի, Փարիզի եւ Մոսկուայի մէջ:

Զախարովայի համաձայն, հանդիպումին գլխաւոր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման գծով երեք երկիրներու ջանքերու համակարգումն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.