2016-08-31 13:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապի սրտի մասնագէտներուն ուղղած ճառը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 31 օգոստոս 2016-ին՝ կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ այցելեց Հռոմի տօնավաճառի համալիրը՝ ուր տեղի կ՝ունենայ սրտի մասնագէտներուն  համաշխարհային գիտաժողովը։

Աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած սրտաբանութեան գիտաժողովին մասնակիցներուն ուղղած ճառին մէջ, սրբազան հայրը խօսքը կեդրոնացնելով մարդու մարմնի ամենէն կարեւոր անդամին՝ սրտին վրայ,  ընդգծեց  բժիշկներուն մեծ պատասխանատուութիւնը, ըսելով՝ ՝՝ձեր ձեռքերուն տակէն կ՝անցնի մարդու մարմնի բաբախող կեդրոնը՝՝։ Այս առումով, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերացնելով  մարդու սիրտը որպէս կեանքի գիրք, ըսաւ՝  տակաւին շատ էջեր  կան յայտնաբերուելիք։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ եկեղեցւոյ վարդապետութեան  գիտական, եւ առողջապահական  հետազօտութեան ըսաւ՝ ՝՝Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը միշտ կարեւոր նկատած է կեանքի  գիտութեան եւ  անձերու առողջապահութեան հետազօտութիւնը։ Այսօր եւս՝ եկեղեցին ոչ միայն ձեզի կ՝ընկերանայ այս ուղեւորութեան մէջ, այլ նաեւ կ՝ուզէ ձեզի զօրակցիլ, որովհետեւ  գիտակից է՝ թէ ձեր կատարածը ի´նչքան նուիրական է մարդու բարիքին համար։   

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով բնութեան բարդ կառոյցին, յայտնեց ՝՝մարդկային ուղեղը նաեւ Աստուծոյ ստեղծագործութիւն է։ Ուսումնասէրը կրնայ՝ ինչպէս նաեւ պէտք  է զայն քննէ, գիտակցելով,  որ իր կատարած գիտական հետազօտութիւնն ու զարգացումը, կարեւոր ծառայութիւն է,  որ ներգրաւուած է Աստուածային ծրագրին մէջ։

Ճառի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ  ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց աղքատները եւ գաղթականները, արժեւորեց բժիշկներուն՝ հիւանդ մարմնի հանդէպ տարուած ամոքումի աշխատանքներն ու գիտական հետազօտութիւնները, կարեւոր նկատեց  ուսումնատենչներու աշխատանքը, զգուշացնելով զանոնք, թէ մինչ կը կ’առընչուին մարդու գոյութենական խորհուրդին հետ, երբէք չյաղթահարուին ճշմարտութիւնը խափանող  փորձութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.